Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ թեւաւոր հրթիռներէ պաշտպանութեան համակարգեր, հալածիչներ, բեռնատար օդանաւեր, հեռահաս ռմբաձիգներ տեղակայելու ընթացքի մէջ է:
Փենթակոն ըսաւ, որ ամերիկեան սպառազինութիւնը շրջան պիտի սկսի հասնիլ քանի մը ամիսէն, մինչ «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրը կը պատրաստուի մեկնելու:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ յաւելեալ սպառազինութիւն տեղակայելու որոշումը հիմնուած է Իսրայէլի մէջ «Թատ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի տեղակայման որոշումին վրայ, եւ «մեր քաղաքացիները, մեր ուժերն ու Իսրայէլը պաշտպանելու եւ մագլցումը մեղմացնելու մեր յանձնառութեան ծիրին մէջ է»:
«Յաւելեալ սպառազինութեան տեղակայումը կը համընկնի իրանեան նահանգներու վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումին իրանեան հաւանական պատասխանի ակնկալութեան», նշեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Փենթակոն երէկ յայտարարեց, որ «Պի-52» տիպի ռազմավարական ռմբաձիգներ հասած են Միջին Արեւելքի մէջ գործող հրամանատարութեան գործողութիւններու շրջան:


