Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Պետութիւններու Կազմակերպութեան Ղեկավարներու Վեհաժողովը Միացեալ Յայտարարութիւն Որդեգրած Է

November 9, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Քուպանիչպեք Օմուրալիեւ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի 11-րդ վեհաժողովին: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:

Ան նշած է, որ վեհաժողովի ընթացքին քննարկումները վերաբերած են թրքական աշխարհի ուժեղացման, տնտեսական համարկման, կայուն զարգացման, թուային ապագային եւ անվտանգութեան:

Օմուրալիեւ յայտնած է, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն եւ առնչուող միւս նախարարութիւններուն կողմէ ստորագրուած է ընդհանուր առմամբ 16 համաձայնագիր, վեհաժողովն ալ ամփոփուած է «Պիշքեքի յայտարարութեան» ստորագրութեամբ:

Յայտարարութիւնը կը ներառէ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան նոր դրօշի որդեգրում, 2025-ին կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովի Հունգարիոյ մէջ գումարում, Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան մեքանիզմի ստեղծում, «Թրքական կանաչ ֆինանսաւորման խորհուրդ»-ի ձեւաւորում, «Թրքական աշխարհ»-ի իտէալներու պահպանման եւ ամրապնդման միտուած «Թրքական աշխարհի պայմաններ»-ու հաստատում, ինչպէս նաեւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու Կարմիր մահիկի կազմակերպութիւններուն միջեւ «Թրքական կարմիր ցանց»-ի ստեղծում:

Ատոր համաձայն, Պիշքեքին տրուած է նաեւ «2025-ի թրքական աշխարհի թուային մայրաքաղաքի կարգավիճակ» եւ որդեգրուած «Թրքական աշխարհի կանոնակարգն ու Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մնայուն ներկայացուցիչներու ղեկավարութիւնը»:

Յայտարարութեամբ կը նախատեսուի նաեւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու կեդրոնական դրամատուներու խորհուրդի ձեւաւորում եւ համագործակցութիւն թուային տնտեսութեան ոլորտին մէջ:

Կ՛ընդգծուի նաեւ, որ անդամ երկիրներուն միջեւ ստորագրուած են փոխըմբռնման յուշագիրներ տիեզերագնացութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան եւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան լայն լեզուի բնորդի զարգացման վերաբերեալ:

Անդրադարձ կատարուած է Պաղեստինի Կազայի հատուածին մէջ տիրող կացութեան, ընդգծուած է այնտեղ տիրող մարդասիրական վիճակին առումով թրքական պետութիւններու խոր մտահոգութիւնը, դատապարտուած է քաղաքային անձերու թիրախաւորումը, ինչպէս նաեւ շեշտուած միջազգային օրէնքի համապատասխան անյապաղ եւ տեւական զինադադարի հաստատման, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու կեանքի կոչման անհրաժեշտութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուած է նաեւ անխոչընդոտ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու Կազա, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ-Պաղեստին տագնապին համար երկու պետութիւն ստեղծելու լուծման հիմամբ «արդար եւ տեւական» լուծում գտնելու:

Նաեւ Կոչ ուղղուած է անյապաղ զինադադար հաստատելու Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ նշուած է խոր մտահոգութիւն Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր խաղաղապահ ուժերուն դէմ կատարուող «դիտաւորեալ յարձակումներուն» նկատմամբ:

Նախորդը

Ալիեւ Կը Շնորհաւորէ Թրամփը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Նախագահի Աշխատակազմի Ղեկավարը Պիտի Ըլլայ Կին Մը

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.