Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթուպ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ ետք յայտարարած է, որ Թրամփ լուրջ կը վերաբերի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը դադրեցնելուն:
Ան ըսած է, որ մինչեւ յունուար 2025` Թրամփի երդման արարողութիւնը «կարելիութեան պատուհան» կայ` քննարկելու խաղաղութեան շուրջ համաձայնութեան մանրամասնութիւնները:
Պաքուի մէջ ՔՈՓ29 Կենսոլորտային վեհաժողովի ծիրին մէջ Ալեքսանտր Սթուպ թուարկած է չորս, իր կարծիքով, Ուքրանիոյ համար խաղաղութեան կարեւոր նախապայման` տարածքային վէճերու լուծում, անվտանգութեան երաշխիքներ, արդարութիւն եւ զինուորական գործողութիւններու աւարտէն ետք երկրի վերաշինութիւն:
«Կը կարծեմ` մենք Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ պէտք է հասկնանք, թէ Տանըլտ Թրամփ շատ լրջօրէն կը վերաբերի որքան կարելի է շուտ խաղաղութեան համաձայնագիրի ձեռքբերման: Այս բանակցութիւններուն համար կարելիութեան պատուհան կայ ընտրութիւններու եւ երդման արարողութեան միջեւ ինկած ժամանակահատուածին մէջ», «Պլումպըրկ»-ին ըսած է Սթուպ:
5 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրած Տանըլտ Թրամփ բազմիցս խոստացած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ստիպել վերսկսիլ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, գրած է, որ Քիեւ յառաջիկայ չորս-հինգ ամիսները տագնապի ընթացքին համար վճռորոշ կը նկատէ:


