Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահուի Մօտիկ Շրջանակներ. «Իսկական Յաղթանակը Կարելի Չէ Իրագործել Առանց Իրանին Իսկական Հարուած Մը Հասցնելու»

November 8, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մօտիկ շրջանակներու մօտ տարածուած տեսակէտը այն է, թէ իսկական յաղթանակ մը կարելի չէ իրագործել առանց Իրանին իսկական հարուած մը հասցնելու` կեդրոնանալով անոր հիւլէական ծրագիրին վրայ:

«Ատոր իրագործման համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պէտք է համուզուի, որ Իրանի դէմ Իսրայէլի աջակցիլը իր երկարատեւ քաղաքական կեանքին վերջ տալու իտէալական քայլը պիտի ըլլայ», նշեց օրաթերթը:

Օրաթերթը ատոր կողքին կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ պէտք է համոզուի, որ աւելի լաւ է ծանր աշխատանքը ձգել Պայտընին, որ վատ ոստիկանի դերը պիտի ստանձնէ եւ պատերազմի խնդիրներով զբաղի, որպէսզի ինք առիթ ունենայ:

«Այս է այն ծրագիրը, որ Նեթանիահուն հաւանաբար փորձէ մօտիկ ապագային իրագործել», կը գրէ «Մաարիւ»:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ամերիկեան «Պոյինկ» ընկերութեան հետ կնքած է 25 «ԷՖ-15» տիպի հալածիչներ գնելու համար 5,2 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիր մը:

Մինչ այդ, «Հաարեց» հաղորդեց, որ իսրայէլեան խորհրդարանը որդեգրած է օրինագիծ մը, որ ներքին գործոց նախարարին իրաւասութիւն կու տայ «ահաբեկիչներուն հարազատները մինչեւ 20 տարի տեւողութեամբ արտաքսելու»: Իսրայէլի քաղաքացիները կրնան 7-էն 15 տարի արտաքսուիլ, իսկ ոչ քաղաքացիները` 10-էն 20:

Օրէնքին համաձայն, ընտանիքի անդամներէն մէկը կարելի է Կազա կամ, ըստ պայմանի, այլուր արտաքսել, եթէ ի յայտ գայ, որ տեղեակ էր ահաբեկիչի ծրագիրէն եւ զայն արգիլելու համար պէտք եղած քայլերը չէ որդեգրած կամ անոր զօրակցող, գովող կամ քաջալերող գրութիւն մը հրապարակած է:

Օրինագիծը որդեգրուած է 61 թեր եւ 41 դէմ քուէներով:

Նախորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա, Պայերն Եւ Ինթեր Յաղթեցին, Փարիզ Սեն Ժերմեն Պարտուեցաւ

Յաջորդը

Մոսկուան Ամերիկեան Նոր Վարչակազմի Հետ Պիտի Աշխատի` Կարծր Կերպով Պաշտպանելով Սեփական Ազգային Շահերը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.