Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Անցեալ Հինգշաբթի Փութինի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութի՞ւն Ունեցած Է

Նոյեմբեր 12, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ անոնք քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը:

Ըստ օրաթերթին, Թրամփ Փութինին կոչ ուղղած է` խուսափելու Ուքրանիոյ մէջ մագլցումէն եւ յիշեցուցած Եւրոպայի մէջ ամերիկեան ուժերու զգալի զինուորական ներկայութեան մասին:

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի զրուցակիցները նաեւ կը պնդեն, որ Փութինն ու Թրամփը խօսած են եւրոպական ցամաքամասին վրայ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութեան մասին, եւ Թրամփ հետաքրքրութիւն յայտնած է` քննարկելու «տագնապին շուտափոյթ կարգաւորումը»:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին համաձայն, Թրամփ մասնաւորաբար հասկցուցած է, որ պիտի աջակցի այն գործարքին, որուն մէջ Ռուսիան պիտի պահպանէ իր գրաւած տարածքին մէկ մասը:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ յայտարարած էր, որ վերջ պիտի դնէ Ուքրանիոյ պատերազմին, իսկ անոր խորհրդական Պայըն Լանզա «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահը պիտի կեդրոնանայ Ուքրանիոյ պատերազմը դադրեցնելու եւ ոչ թէ Քիեւին տարածք վերադարձնելու վրայ:

Ան բացատրած էր, որ Խրիմի վերադարձը Ուքրանիոյ անիրատեսական է եւ «Միացեալ Նահանգներու նպատակը չէ»: Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւնը «խաղաղութիւնն ու սպանութիւններու դադրեցումն է»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հերքեց, թէ Ռուսիոյ նախագահին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է:

«Ասիկա յստակ օրինակ է այժմ հրապարակուող տեղեկութիւններու ճշգրտութեան վերաբերեալ, եւ նոյնիսկ երբեմն արհեստավարժ լրատուամիջոցներու մէջ: Ասիկա ամբողջովին սխալ է, պարզապէս երեւակայութիւն է եւ պարզապէս սուտ տեղեկութիւն», նշեց Փեսքով:

 

Նախորդը

Թրամփ Եւ Շոլց Համաձայնած Են Միասին Աշխատիլ` Խաղաղութիւնը Եւրոպա Վերադարձնելու Համար

Յաջորդը

Թալեպանները Ներկայ, Պայտըն Բացակայ ՔՈՓ29-էն

RelatedPosts

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Վեց Ամսուան Մէջ Վեց Պատերազմներու Վերջ Տուի»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?