Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Զարգացումներուն Նկատմամբ Միջազգային Արձագանգներ

Դեկտեմբեր 2, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կապ չունին Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական Թահրիր Շամի ղեկավարած յարձակումին հետ»:

Սպիտակ տունը նշեց. «Ասատի վարչակարգին քաղաքական հոլովոյթին մէջ մասնակցութեան մերժումն ու Ռուսիոյ եւ Իրանի ապաւինիլը յանգեցան անոր առաջնագիծերու քայքայման»:

«Կը հետեւինք Սուրիոյ մէջ կացութեան եւ անցնող քառասունութ ժամերուն ընթացքին հաղորդակցութիւններ ունեցանք շրջանային մայրաքաղաքներու հետ», յայտնեց Սպիտակ տունը:

«Պիտի շարունակենք պաշտպանել Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի չվերայայտնուելուն երաշխաւորման համար անհրաժեշտ եղող անհատներն ու ամերիկեան դիրքերը», շեշտեց Սպիտակ տունը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Ֆրանսան ուշադրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ հիւսիսը Հալէպի մէջ տեղի ունեցած զինուորական զարգացումներուն»:

«Այս զարգացումները սուրիական քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն 13 տարի ետք ցոյց կու տան անյապաղ սուրիական սահմանադրական յանձնախումբի ժողովները վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը` ի վերջոյ հասնելու համար քաղաքական լուծումի», նշեց նախարարութիւնը:

Փարիզ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «յարգելու միջազգային օրէնքը եւ պաշտպանելու քաղաքային բնակչութիւնը»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Ժամալ Ռուշտի նշեց. «Լիկան խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն, եւ կ՛ընդգծէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը»:

Ան յայտնեց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ անհանգստացած է «քանի մը օրէ ի վեր երկրին մէջ արձանագրուող իրերայաջորդ զարգացումներէն ու քաղաքայիններուն վրայ ազդեցութիւններէն, եւ որոնք դուռ կը բանան բազմաթիւ հաւանականութիւններու, որոնց շարքին իրարանցումի ստեղծում, որմէ կ՛օգտուին ահաբեկչական խմբաւորումները` վերսկսելու համար իրենց գործունէութեան»:

«Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը յանձնառու է Սուրիոյ մէջ կացութեան նկատմամբ քաղաքական դիրքորոշումի ամբողջութեան, ինչպէս նշուած է տարբեր մակարդակներու վրայ լիկայի որոշումներուն մէջ», յայտնեց Ռուշտի:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յոյս յայտնեց, որ իսլամական երկիրները կը միջամտեն եւ Միացեալ Նահանգներուն ու Իսրայէլին չեն արտօներ շահագործել Սուրիոյ ներքին տագնապը:

Արաբական խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ահմետ Եամայհի խոր մտահոգութիւն յայտնեց սուրիական հողերուն վրայ վերջին զարգացումներուն նկատմամբ` ընդգծելով «Արաբական խորհրդարանին զօրակցութիւնը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան անվտանգութեան ու կայունութեան, հողային ամբողջականութեան եւ չմատնուելուն քաոսի, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու զինեալ խմբաւորումները կ՛օգտագործեն իրենց գործունէութիւնը շարունակելու համար»:

Արաբական խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ խորհրդարանը կը զօրակցի արաբական բոլոր ջանքերուն, որոնց նպատակը գտնելն է սուրիական տագնապին համապարփակ խաղաղ լուծում, որ կ՛երաշխաւորէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու բոլոր տարածքներուն վրայ իր գերիշխանութեան տարածումը, եւ կ՛իրագործէ սուրիացի ժողովուրդի անվտանգութեան, կայունութեան եւ զարգացման ձգտումները:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին ընդմէջէն սուրիական կողմերուն կոչ ուղղեց` «յարգելու մարդասիրական օրէնքն ու պաշտպանելու քաղաքայինները»:

«Անհրաժեշտ է քաղաքական լուծում մը, որ համահունչ է ՄԱԿ-ի որոշումներուն», ըսաւ ան:

Գերմանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը նաեւ յայտնեց. «Մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ հիւսիս- արեւմուտքը արագօրէն փոխուող կացութեան»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներուն:

«Շարունակ կը հետեւինք Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան: Մենք վճռական ենք պաշտպանելու Իսրայէլի կենսական շահերը եւ պահպանելու պատերազմի ձեռքբերումները», նշեց ան:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսա Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Տապալումէն Կը Զգուշացնէ

Յաջորդը

Ցուցարարները Թիֆլիսի Մէջ Խորհրդարանին Մօտ Պատնէշներ Տեղադրած Են Եւ Փշրած Պատուհանները

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?