Սուրիական բանակը շաբաթ գիշեր ամրապնդեց Համայի հիւսիսային գիւղերու ուղղութեամբ իր պաշտպանական դիրքերը եւ դէմ դրաւ զինեալ խմբաւորումներուն` արգելք հանդիսանալով, որ անոնք որեւէ ճեղքում կատարեն: Այս մասին հաղորդեց Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով սուրիական զինուորական աղբիւրի մը:
Ըստ աղբիւրին, սուրիական բանակը վերատիրացած է շարք մը շրջաններու, որոնցմէ են Քալաաթ Մատիքն ու Մհարտեսը:
«Մայատին» իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական եւ ռուսական օդուժները հարուածած են Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջաններու Հզարին եւ Ռաքայա շրջաններուն մէջ զինեալ խմբաւորումներու շարժումները:
Յարձակումները մասնաւորաբար թիրախաւորած են Խան Շէյխունի եւ Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանի Մուրք շրջանները:
«Մայատին» կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը վերատիրացած է Համայի գիւղական շրջանի Սմման եւ Ճըպ գիւղերուն, ինչպէս նաեւ 7 այլ գիւղերու:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, սուրիական բանակը դէմ դրած է Հալէպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Ապուլ Զուհուրի օդուժի ռազմակայանին մօտ զինեալ խմբաւորումներու յառաջխաղացքի փորձին: Լրատու գործակալութիւնը նաեւ հերքեց այն պնդումները, թէ զինեալ խմբաւորումները յառաջացած են դէպի Հալէպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող պաշտպանական արդիւնաբերութեան գործարաններ, Գիտական հետազօտութիւններու կեդրոն եւ Սֆէյրա քաղաքի մերձակայք:
Սուրիական բանակը նաեւ ձախողութեան մատնած է զինեալ խմբաւորումներուն Լաթաքիոյ գիւղական շրջանի Սալմա գիւղ ներթափանցելու փորձերը:
«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Կան տեղեկութիւններ, թէ սուրիական բանակի սպայակոյտի պետը հասած է Համայի հիւսիս` առ ի պատրաստութիւն հակայարձակումի շղթայազերծման»:
«Ռոյթըրզ» նաեւ հաղորդեց. «Սուրիական բանակը կտրեց Հալէպն ու Ռաքքան իրարու կապող ճամբան»:
Թրքական ապահովական աղբիւրներ, սակայն, «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը կտրած է Հալէպի եւ Ռաքքայի միջեւ ճամբան:
Աղբիւրները նաեւ նշած են. «Քիւրտ զինեալները աշխատանք տարին գործադրելու Թել Ռիֆաաթը եւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը իրար կապող միջանցքի մը ստեղծման ծրագիր մը»:
Ֆիտան. «Հալէպի Մէջ Ընթացող Տագնապին Մասնակից Չենք,
Եւ Պիտի Չարտօնենք, Որ Ահաբեկչութիւնը Պետութեան Վերածուի»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթ օր յայտարարեց, որ իր երկիրը «մասնակից չէ Հալէպի մէջ ընթացող տագնապին, սակայն իր նախազգուշութիւնները կ՛որդեգրէ հաւանական գաղթականական ալիք մը արգիլելու համար»:
Մեկնաբանելով Թահրիր Շամի եւ այլ զինեալ խմբաւորումներու հետ շղթայազերծած յարձակումը` Ֆիտան ըսաւ. «Շրջանին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կեանքի երակը Միացեալ Նահանգներու ձեռքն է, անոնք չեն կրնար նոյնիսկ երեք օր տոկալ առանց Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ շեշտեց, որ Թուրքիան «երբեք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կառոյցին պիտի չարտօնէ պետութեան վերածուիլ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ իր ամերիկացի պաշտօնակից Էնթընի Պլինքընի հետ քննարկեց Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները եւ ըսաւ. «Ահաբեկիչներուն պիտի չարտօնենք Թուրքիոյ կամ սուրիացի քաղաքայիններուն վրայ յարձակում գործել»:
Արաղչի. «Սուրիական Բանակը Անգամ Մը Եւս
Պիտի Յաղթէ Ահաբեկիչներուն»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ուղղուեցաւ Դամասկոս` Իրանի պատգամը փոխանցելու Սուրիոյ եւ «վճռական աջակցութիւնը սուրիական բանակին ու կառավարութեան»: Այս մասին յայտնեց Արաղչի` Դամասկոս ուղղուելէ առաջ:
«Սիոնական գոյացութեան ու ահաբեկիչներուն միջեւ տարբերութիւնը չենք գիտեր, եւ կը կարծենք, որ թշնամին իր կրած պարտութիւններէն ետք, այսօր կը փորձէ իր նպատակին հասնիլ ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքով շրջանի անվտանգութիւնը քայքայելու ճամբով», ըսաւ Արաղչի:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ սուրիական բանակը «անգամ մը եւս պիտի յաղթէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն»:
Արաղչի երէկ Դամասկոս ուղղուեցաւ սուրիացի պաշտօնատարներու հետ քննարկումներ կատարելու, ան հոնկէ անմիջապէս պիտի ուղղուի Անգարա, ապա պիտի այցելէ շարք մը շրջանային մայրաքաղաքներ` քննարկելու համար շրջանային զարգացումները:
Մոհամետ Պըն Զայետ. «Կը Զօրակցինք Սուրիոյ
Եւ Անոր Կ՛աջակցինք Ահաբեկչութեան
Ու Ծայրայեղականութեան Դէմ Պայքարին Մէջ»
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական ՈՒԱՄ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Երկրի նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիան հեռաձայնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ անոր հետ քննարկեց Սուրիոյ մէջ կացութեան զարգացումը, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող բոլոր հարցերն ու թղթածրարները»:
Պըն Զայետ «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնը` ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարին մէջ»:
Ան նաեւ շեշտեց «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու աջակցութիւնը սուրիական տագնապին խաղաղ լուծում գտնելու համար թափուող բոլոր ջանքերուն, ինչ որ կ՛իրագործէ եղբայրական սուրիացի ժողովուրդի կայունութեան ու զարգացման ձգտումները եւ կ՛երաշխաւորէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու իր բոլոր տարածքներուն վրայ գերիշխանութիւնը»:
Սուրիոյ նախագահական պալատը իր կարգին հաղորդեց. «Նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիան ունեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներն ու շարք մը շրջանային թղթածրարներ»:
Ասատ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց, թէ «Սուրիան կը շարունակէ իր կայունութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանել ընդդէմ բոլոր ահաբեկիչներուն եւ անոնց զօրավիգ կանգնողներուն, եւ կարող է իր դաշնակիցներուն ու բարեկամներուն օգնութեամբ զանոնք պարտութեան մատնել ու ոչնչացնել, որքան ալ անոնց ահաբեկչական յարձակումները սաստկանան»:
Սուրիոյ նախագահական պալատը աւելցուց. «Պըն Զայետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը սուրիական պետութեան կողքին կը կանգնի եւ կ՛աջակցի ահաբեկչութեան դէմ անոր պայքարին, ինչպէս նաեւ իր գերիշխանութեան հաստատման, հողային ամբողջականութեան ու կայունութեան»:
Ասատ. «Ահաբեկչութիւնը Միայն Ուժի Լեզուէն Կը Հասկնայ,
Եւ Անիկա Այն Լեզուն Է, Որով Զայն Պիտի Կոտրենք Ու Ոչնչացնենք»
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց. «Ահաբեկչութիւնը միայն ուժի լեզուէն կը հասկնայ, եւ անիկա այն լեզուն է, որով զայն պիտի կոտրենք եւ ոչնչացնենք, ով որ ալ ըլլայ անոր աջակցողն ու հովանաւորը»:
Ասատ այս մասին յայտարարեց Աբխազիոյ նախագահի պաշտօնակատար Պատրա Կումպայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
«Ահաբեկիչները ո՛չ ժողովուրդ մը կը ներկայացնեն, ո՛չ ալ հաստատութիւններ… անոնք միայն կը ներկայացնեն այն ծառայութիւնները, որոնք զիրենք գործի կը լծեն եւ իրենց կ՛աջակցին», նշեց Սուրիոյ նախագահը:
Աբխազիոյ նախագահը իր կարգին նշեց, որ իր երկիրը կը կանգնի Սուրիոյ կողքին` ընդդէմ կազմակերպուած ահաբեկչութեան յարձակումներուն:
Ան աւելցուց, որ յաղթանակը Սուրիոյ պետութեան, ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան կողքին է:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի
Հալէպի Իրադարձութիւններուն
Շաբաթ ամբողջ օրուան ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շարունակեց մօտէն հետեւիլ Հալէպի մէջ զինեալ խմբաւորումներու յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին:
Վեհափառ հայրապետը մնայուն կապի մէջ ըլլալով առաջնորդ սրբազանին եւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոնց, որ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատու ոգիով մօտէն կը հետեւին հայ համայնքին բարօրութեան:
Յայտնենք, որ զինեալ բախումները ընդհանրապէս հեռու են հայկական թաղամասերէն:
Ընդդիմադիր զինեալները ներկայացնող անհատներ այցելելով հայ եւ քրիստոնեայ համայնքներու պատկանող բնակարաններ ու կեդրոններ` յայտնած են, թէ պատրաստ են առօրեայ կենցաղային կարիքներու ապահովման գծով պէտք եղած օժանդակութիւնը ցուցաբերելու կամ որեւէ դժուարութեան պարագային օգտակար դառնալու:
Նշենք նաեւ, որ առաջնորդ սրբազանը եւ հայ համայնքի պատասխանատուները, թէ՛ Հալէպի եւ թէ՛ Քեսապի մէջ, թելադրած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն տուները մնալ եւ անհրաժեշտութեան պարագային կապ հաստատել ազգային առաջնորդարանին կամ համայնքային կեդրոններուն հետ:
Հայ Մը Զոհուեցաւ Սելեմիէի Ճամբուն Վրայ
«Գանձասար» երէկ հաղորդեց. «Այսօր` կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2024-ին զոհուեցաւ հալէպահայ դոկտ. Երուանդ Արսլանեան (ծնեալ` 1958-ին, Հալէպ):
«Արսլանեան երէկ Հալէպէն դուրս ելած ժամանակ Սելեմիէի ճամբուն վրայ դիպուկահարի մը արձակած փամփուշտէն վիրաւորուած եւ փոխադրուած էր Համայի հիւանդանոց:
«Անոր վիճակը ծանրացած է եւ այսօր կէսօրին դոկտ. Արսլանեան իր մահկանացուն կնքած է»:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Հայրական Յորդորը
Հալէպի մէջ տիրող ճգնաժամային վիճակին ի տես, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան դիմատետրի ճամբով իր հայրական ձայնագրուած խօսքը ուղղեց սուրիահայութեան:
Ան Հալէպի ազգային առաջնորդարանէն ողջունեց Բերիոյ հայոց թեմի հաւատացեալ ժողովուրդը: Ան զօրակցութիւն յայտնեց ժողովուրդին եւ նշեց, որ իրենք կը մնան Հալէպ` շարունակելու առօրեայ կեանքը, ծառայութիւնն ու հաւատքի առաքելութիւնը` միշտ կառչած ու հաւատարիմ մնալով իրենց սկզբունքներուն, եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն եւ երկրին:
Սրբազան հայրը մատնանշեց, որ «դժուար օրերու եւ զանազան անակնկալներու դիմաց կը գտնուինք, բայց չենք յուսահատիր ու տկարանար, այլ յոյսով ու հաւատքով կը շարունակենք միշտ լաւ, փայլուն, պայծառ ու բարօր ապագայի տեսլականով: Ան քաջալերեց ու գօտեպնդեց, որ ժողովուրդը Աստուծմով զօրանայ եւ ներքին խաղաղութիւնն ու անդորրը պահէ` վստահեցնելով, որ իրենց բոլոր ուժերով ու կարողութեամբ Ազգային իշխանութիւնը, մարմիններն ու պատասխանատուները ամէն ջանք ու ճիգ ի գործ պիտի դնեն օգտակար դառնալու ժողովուրդին եւ հասնելու բոլոր պէտքերուն: Ան խրախուսեց բոլորը հաւատքով աղօթելու այն մեծ յոյսով, որ Աստուած իրենց կողքին է: Սրբազանը մաղթեց, որ Աստուած զօրութիւն եւ համբերութիւն տայ իրենց, որպէսզի գալիքը շատ աւելի հանդարտ եւ դիւրին կերպով դիմագրաւեն եւ կարողանան իրենց կեանքը շարունակել բարին ակնկալելով ու տեսնելով:
Ան մաղթեց նաեւ, որ աստուածային խաղաղութիւնը հաստատուի ու տիրէ, արդարութիւնն ու իրաւունքը յաղթանակեն եւ գործադրուին, եւ ժողովուրդը վայելէ աստուածային բարիքներն ու օրհնութիւնները եւ շարունակէ իր բնականոն ընթացքը:
Մակար արքեպիսկոպոս կոչ ուղղեց չայլայլելու եւ զօրաւոր ըլլալու, օգտակար դառնալու մէկզմէկու, հարցերը հանդարտ ու խաղաղ դիտելու, որեւէ կերպ ալեկոծութեան չմատնուելու եւ եզրակացութեան չյանգելու: Սրբազան հայրը նշեց, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց առօրեան` եկեղեցական արարողութիւնները, պատարագները, ինչպէս նաեւ մշակութային, միութենական ձեռնարկները` միշտ օրուան պայմաններն ու կացութիւնները նկատի առած: Սրբազան հայրը վստահեցուց, որ իրենք ժողովուրդին կողքին են:
Քեսապի Հոգեւոր Հայրերուն Կոչը`
Քեսապահայութեան
Շաբաթ օր Քեսապի հայ երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերը հետեւեալ կոչը ուղղեցին քեսապահայութեան.
«Սիրելի՛ քեսապցիներ,
Մենք` Քեսապի երեք հոգեւոր հայրերս, կոչ կ՛ուղղենք ձեզի, երկրի ներկայ ծանօթ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, որ իրարու թեւ ու թիկունք ըլլաք, մնաք սառնասիրտ եւ արթնամիտ, միասնաբար յաղթահարելու համար գալիք դժուարութիւնները: Պատրաստ ըլլաք ամէն հաւանականութեան` ձեր կարեւոր փաստաթուղթերը եւ արժէք ներկայացնող իրերը պատրաստ ունենալով:
Աստուած խնայէ ու պահէ բոլորս: Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ վեր է եւ անոր առաջնորդութիւնը մեր բոլորին հետ ըլլան: Ամէն»:
Նախարար Սապպաղ Ընդունեց Սուրիոյ Մէջ
Հայաստանի Դեսպանին Հաւատարմագիրներուն Պատճէնը
«Գանձասար» երէկ հաղորդեց. «Այսօր, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Պասսամ Սապպաղ ընդունեց դեսպան Ռուբէն Խարազեանի` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի հաւատարմագիրներու պատճէնը:
«Նախարարը շնորհաւորեց Հայաստանի դեսպանը այս առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` մատնանշելով երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմական բարեկամութիւնը եւ բարձր գնահատելով Սուրիոյ աջակցող Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումները:
«Դեսպան Խարազեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Սապպաղին` ընդգծելով իր պատրաստակամութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ առկայ համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման` ի նպաստ երկու բարեկամ երկիրներու եւ ժողովուրդներու ընդհանուր շահերուն»: