Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Միջին Արեւելքի մէջ կարցութիւնը կը շարունակէ վատթարանալ Իսրայէլի յարձակողական քաղաքականութեան պատճառով»:
«Ուաշինկթընի միջնորդութիւնը մենաշնորհի վերածելու փափաքն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները զոհելը Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան վատթարացման պատճառներէն մէկն է», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը գրեց, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն մուտք գործելը կրնայ շրջադարձ մը ըլլալ արեւմուտքի, Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն համար:
Օրաթերթը նշեց, որ Քրեմլինը կրնայ եւ պէտք է շինիչ դերակատարութիւն ունենայ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարի մեքանիզմին մէջ` թէկուզ մասնակի կերպով օգնելով Իրանէն Հըզպալլային զէնքերու մաքսանենգումը արգիլելու աշխատանքին:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմին յաջորդող ժամանակշրջանը առիթ մըն է ռուս-իսրայէլեան յարաբերութիւնները ենթարկելու այնպիսի վերադասաւորման, որ կրնայ Իսրայէլի հիւսիսին մէջ անվտանգութեան հայեցակարգը ամբողջացնող մէկ այլ տարր ըլլալ:


