«Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման Իրանի հակազդեցութիւնը պայմանաւորուած է անով, որ Արեւմուտքը, ՕԹԱՆ-ի քողին տակ, կ՛ուզէ արեւելք-արեւմուտք փոխադրումներ կատարել Ազրպէյճանի, Կասպից ծովու եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքով, եւ միայն Իրանը հասկցաւ այս դաւադրութեան խորութիւնը: Այս մասին իրանեան «խապարանլայն» կայքին համաձայն ըսած է երկրի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի` միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի:
Ան ընդգծած է, որ ի տարբերութիւն Արեւմուտքին, որ չունի բարի նպատակներ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը իսկապէս կ՛ուզէ իր ազրպէյճանցի եղբայրներուն բարօրութիւնը:
Վելայաթի նաեւ աւելցուցած է, որ Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սկսած քառօրեայ ռազմափորձերը փոխադարձ վստահութեան աճ ցոյց կու տան:
«Աստուած ուզէ, ասիկա շրջադարձային ըլլայ շրջանի պատմութեան մէջ եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատումին օժանդակէ այս զգայուն շրջանին մէջ: Իրանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ ռազմափորձը կարեւոր իրադարձութիւն է, որ Հարաւային Կովկասի հարցին մէջ գերագոյն առաջնորդի խոհեմ քաղաքականութեան արդիւնքն է եւ ցոյց կու տայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու եւ բարի դրացիութեան աճող ամրապնդումը», ըսած է խորհրդականը:
Ան աւելցուցած է. «Վերջին տարիներուն` Ուքրանիոյ պատերազմին լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-ի քողին տակ կը փորձեն ներթափանցել Հարաւային Կովկասի շրջան եւ գործնականին մէջ այլընտրանք ստեղծել, որովհետեւ Ռուսիոյ ուշադրութիւնը տակաւին կեդրոնացած է Ուքրանիոյ վրայ»:
Ըստ Վելայաթիի, «Արեւմուտքը Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ եւ անոնց որոշ դաշնակիցներուն օգնութեամբ ձեռնարկած է քայլերու, որոնք բացայայտած են, որ Արեւմուտքը եւ ՕԹԱՆ-ը ազնիւ մտադրութիւններ չունին Հարաւային Կովկասի առնչութեամբ»:


