Եւրոպական Միութեան նոր ղեկավարները հասած են Քիեւ, ուր յայտարարած են, թէ Եւրոպական Միութիւնը կը ցանկայ, որ Ուքրանիան այս պատերազմին յաղթէ, եւ ատոր համար կարելի ամէն բան պիտի ընէ:
Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը կը գրէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան նոր ղեկավարները խորհրդանշական այցելութեամբ Ուքրանիոյ մայրաքաղաք հասած են իրենց պաշտօնները ստանձնելէ անմիջապէս ետք:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթա, որ փոխարինած է Շարլ Միշելը, եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասը, որ փոխարինած է Ճոզեփ Պորելը, մտադիր են հանդիպիլ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:
«Պաշտօնը ստանձնելէ ետք իմ առաջին այցելութեանս ժամանակ իմ ուղերձս յստակ է. Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ, որ Ուքրանիան այս պատերազմին յաղթէ: Ատոր համար կարելի ամէն ինչ պիտի ընենք», ըսած է Քալլաս:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական խորհրդարանը 27 նոյեմբերին հաստատած է Եւրոպական յանձնաժողովի նոր կազմը` անոր նախկին նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյէնի գլխաւորութեամբ: