Նոր Եւրոպական յանձնաժողովը պիտի սկսի ռուսական հեղուկացուած բնական կազը դուրս մղել եւրոպական շուկայէն, ինչ որ ենթադրաբար պէտք է նուազեցնէ ուժանիւթերու գիները:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի վերընտրուած նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն` Եւրոպական յանձնաժողովի ծրագիրը ներկայացնելով Եւրոպական խորհրդարանի նիստի ընթացքին, որուն մասնակիցները պէտք է հաստատեն նոր եւրոյանձնակատարները:
«Մենք պէտք է ռուսական բնական կազը «վռնտենք» եւրոպական շուկայէն եւ մեծ ներդրումներ կատարենք կանաչ ուժանիւթին մէջ` մեր արդիւնաբերութեան եւ սպառողներուն համար գիները նուազեցնելու համար», ըսած է ան:
Եւրոպական խորհրդարանը հաստատեց եւրոպական յանձնաժողովի նոր կազմը, որուն մէջ արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի պաշտօնը ստանձնեց Քայա Քալլասը:
Այժմ կազմը պէտք է հաւանութիւն ստանայ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ, որմէ ետք իր աշխատանքին պիտի սկսի 1 դեկտեմբերին:


