Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լամի. «Պիտի Յարգեմ Նեթանիահուն Ձերբակալելու Միջազգային Քրէական Դատարանի Պահանջը, Եթէ Ան Մեր Երկիր Մուտք Գործէ»

November 29, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի, պատասխանելով բրիտանական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ լսումի ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն Բրիտանիա գալուն պարագային բրիտանական իշխանութիւններուն զինք ձերբակալելու Միջազգային քրէական դատարանի պահանջի գործադրման հաւանականութեան մասին հարցումի մը, յայտնեց.

«Եթէ նշեալ անձը մեր երկիր մուտք գործէ, հարցը արդարադատութեան փոխանցելու յանձնառութիւն գոյութիւն ունի: Ատիկա ինծի որեւէ հայեցողութիւն չ՛արտօներ: Հրամանը պիտի տամ, եւ զինք փոխանցեմ դատարան, ապա դատարանը մեր օրէնքներուն հիմամբ պիտի տայ իր որոշումը, այն գիտակցութեամբ, որ Հռոմի կանոնակարգը ստորագրած ենք: Ասոնք իրապէս չափազանց կարեւոր հարցեր են»:

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի բանբերը նախապէս յայտնած էր, որ չի կրնար որոշակի պարագաներ մեկնաբանել, եւ պէտք է Բրիտանիոյ արդարադատութիւնը որոշէ, եթէ Միջազգային քրէական դատարանի ձերբակալման հրամանագիրը գործադրելի է:

Յիշեցնենք, որ Միջազգային քրէական դատարանը անցեալ շաբաթ Կազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ գործելնուն համար ձերբակալման հրամանագիր հրապարակած էր Նեթանիահուի եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթի դէմ:

Հրամանագիրի գործադրութիւնը պարտադիր կը նկատուի շուրջ 120 երկիրներու համար, որոնցմէ շատերը Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններ ունին:

Նշենք, որ Հունգարիան յայտարարած է, որ պիտի չձերբակալէ Նեթանիահուն, եթէ ան Պուտափեշթ այցելէ:

 

Նախորդը

Ուշաքով. «Ռուսիոյ Յատուկ Ներկայացուցիչները Ներկայ Պիտի Չըլլան Թրամփի Երդման Արարողութեան, Որովհետեւ Անոր Օտարերկրեայ Պատուիրակութիւններու Հրաւէր Չէ Նախատեսուած»

Յաջորդը

Ռուսիան Եւ Չինաստանը Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.