Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Քորէայի Նախագահը Զինուորական Դրութիւն Հաստատելու Ձախող Փորձ Կատարեց

December 5, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սէոք Եոլի` երկրին մէջ զինուորական դրութիւն հաստատելու անսպասելի փորձը վեց ժամ ետք ձախողած է. խորհրդարանը քուէարկած է զինուորական դրութիւնը ջնջելու օգտին, իսկ նախագահը նահանջած է:

«Ազգային ժողովը պահանջեց վերացնել արտակարգ դրութիւնը, եւ մենք ետ կանչեցինք այն զինուորները, որոնք ներգրաւուած էին զինուորական դրութիւն հաստատելու գործողութիւններուն մէջ: Մենք պիտի ընդունինք Ազգային ժողովի պահանջը եւ կառավարութեան նիստի ընթացքին պիտի վերցնենք զինուորական դրութիւնը», ըսած է Եուն Սէոք Եոլ` պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին:

Աւելի ուշ, կառավարութիւնը հրաւիրուած է ժողովի եւ քուէարկած զինուորական դրութիւնը չեղեալ նկատելու օգտին: Զինուորները վերադարձած են իրենց զօրամասերը:

Չորեքշաբթի առաւօտեան հրաժարական տուաւ նախագահի ամբողջ աշխատակազմը:

Խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունեցող Դեմոկրատական կուսակցութենէն նախագահի հակառակորդները նշած են, որ եթէ նախագահը հրաժարական չտայ, իրենք պաշտօնազրկման հոլովոյթի պիտի սկսին:

Նախագահը երեքշաբթի օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին զինուորական դրութիւնը նկատած էր անհրաժեշտ միջոց` պաշտպանելու սահմանադրական կարգը «համայնավարական ուժերէն» եւ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ բխող սպառնալիքներէն:

Նախագահին համաձայն, սպառնալիքը կու գայ թէ՛ Հիւսիսային Քորէայէն, թէ՛ ալ տեղական «հակապետական տարրերէ», զորս պէտք է արմատախիլ ընել: Նախագահը, սակայն, չյստակացուց, թէ ի՛նչ սպառնալիքներու մասին է խօսքը:

Ան ընդդիմութիւնը մեղադրեց պետութեան աշխատանքը կաթուածահար ընելու յանցանքով` փորձելով պաշտօնազրկման ենթարկել կառավարութեան հիմնական գործիչներն ու պաշտօնատարները:

Անոր համաձայն, նոր կառավարութեան աշխատանքի անցեալ գարնան մեկնարկէն ի վեր Ազգային ժողովը սպառնացած է պաշտօնազրկման ենթարկել 22 քաղաքական ծառայողներ, ներառեալ քանի մը դատախազներ, ներքին գործոց նախարարն ու պաշտպանութեան նախարարը:

Հարաւային Քորէայի մէջ վերջին անգամ զինուորական դրութիւն հաստատուած է 1979 թուականին` այն ժամանակուան բռնապետ Փաքի Չունկ Հիի սպանութենէն ետք:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ողջունեց զինուորական դրութեան ջնջումը:

 

Նախորդը

Պլինքըն. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը Կանգուն Է»

Յաջորդը

Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.