Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Հաւանական Է, Որ Տոհան Յառաջիկայ Շաբաթ Իրանի, Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Մասնակցութեամբ Սուրիոյ Կացութեան Քննարկման Ժողով Մը Հիւրընկալէ»

Դեկտեմբեր 4, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները հաւանաբար 7-8 դեկտեմբերին Տոհայի համախմբումի ծիրին մէջ գումարեն Ասթանայի հոլովոյթի ծիրին մէջ ժողով մը` քննարկելու համար սուրիական թղթածրարը:

Արաղչի յայտնեց. «Դամասկոս այցելութիւնս Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն եւ Հալէպի ու այդ երկրին կարգ մը այլ շրջաններուն վրայ ահաբեկչական յարձակումին շուրջ խորհրդակցելու համար էր»:

«Մանրամասն ու կարեւոր բանակցութիւններ վարեցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ փոխանցեցի սուրիացի ժողովուրդին, բանակին, կառավարութեան ու նախագահին ամբողջական զօրակցութեան վերաբերեալ Իրանի պատգամը: Եւ ինչպէս Սուրիան 1980-ին եւ 1988-ին մեզի պարտադրուած պատերազմի ընթացքին մեր կողքին կանգնեցաւ, մենք եւս անոր կողքին կը կանգնինք», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Սուրիական հայրենիքը պաշտպանելու ուժեղ կամք ու մղում գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:

Արաղչի նաեւ նշեց. «Կը կարծեմ, որ սիոնական գոյացութեան, ամերիկեան կառավարութեան ու ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ ամբողջական համակարգում գոյութիւն ունի, եւ դէպքերու ընթացքը ատիկա ցոյց կու տայ, որովհետեւ այս յարձակումները Լիբանանի մէջ զինադադարէն ետք սկսան»:

«Մենք միշտ Թուրքիոյ հետ խորհրդակցեցանք շրջանային խնդիրներու շուրջ, եւ բնական է, որ տարակարծութիւններ ունենանք, սակայն նաեւ հասարակաց կէտեր ունինք, եւ համակարծիք ենք այն հարցին շուրջ, որ Սուրիան ահաբեկիչներու ապաստան պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ այդ խնդիրը շրջանին մէջ պատերազմ կը պատճառէ», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Որոշուեցաւ այդ խորհրդակցութիւնները շարունակել եւ Ասթանայի հոլովոյթը շարունակել, եւ թերեւս յառաջիկայ շաբաթ կամ կիրակի օր Տոհայի մէջ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու ժողով մը գումարուի», նշեց Արաղչի:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայաթի իր կարգին յայտնեց. «Ամերիկան, սիոնականներն ու շրջանի պետութիւնները պէտք է իմանան, որ մինչեւ վերջ պիտի աջակցինք սուրիական կառավարութեան»:

«Չսպասեցինք, որ Թուրքիան կ՛իյնայ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի լարած թակարդին մէջ», աւելցուց ան:

Նախորդը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Զինադադարը Խախտել

Յաջորդը

Կութիերես Կոչ Կ՛ուղղէ` Անմիջապէս Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ Կռիւը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?