Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անգարան Կը Զօրակցի Սուրիոյ Տարածքային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան, Եւ Միայն Իր Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Ու Կայունութիւն Կ՛ուզէ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխնախագահը

Դեկտեմբեր 3, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտաթ Եըլմազ յայտարարեց, որ Անգարան մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն եւ կը զօրակցի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան:

«Թուրքիան մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն եւ դիւանագիտական գետնի վրայ իր առաւելագոյն ջանքը կը թափէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք, իբրեւ Թուրքիա, միայն մէկ փափաք ունինք. Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն կը ցանկանք եւ Սուրիոյ ու Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր բոլոր քոյրերուն ու եղբայրներուն համար աւելի պատշաճ պայմաններ: Ատիկա ընելու ուղին յստակ է. քաղաքական լուծում մը, որ Սուրիոյ բոլոր կողմերը կը ներառէ»:

«Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն պիտի չըլլայ, մինչեւ սուրիացի ժողովուրդի, անկախ իր հաւատամքներէն, համայնքէն, պատկանելիութենէն կամ ցեղէն, բոլոր հատուածները ներառող լուծում մը չըլլայ», ըսաւ ան:

«Թուրքիան պիտի չարտօնէ եւ պիտի չհանդուրժէ կազմակերպական որեւէ կառոյց, որ Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին դէմ կը գործէ», նշեց Թուրքիոյ փոխնախագահը` աւելցնելով. «Պէտք է բոլորը այդ մէկը իմանան: Այս առումով, Թուրքիան կը զօրակցի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան: Ան միայն իր շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն կ՛ուզէ, եւ կ՛ուզէ, որ այդտեղ գտնուող մեր բոլոր սուրիացի քոյրերն ու եղբայրները խաղաղութեամբ ապրին, անկախ անոնց ինքնութենէն»:

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ միջնորդութիւն կատարած իրաքցի պաշտօնատարներ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ բուռն կերպով մերժեց տեղահանուածներու հարցին մէջ զիջում կատարել»:

Նախորդը

Մոսկուա. «Կը Շարունակենք Ասատին Աջակցիլ, Եւ Կը Պահպանենք Սուրիոյ Հարցով Թեհրանի Եւ Անգարայի Հետ Հաղորդակցութիւնը»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա Եւ Բրիտանիա Կոչ Կ՛ուղղեն` Սուրիոյ Մէջ Մագլցումը Դադրեցնելու Եւ Տագնապին Քաղաքական Լուծում Գտնելու

RelatedPosts

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
Մոնթենեկրոյի Մայրաքաղաքին Մէջ  Հակաթրքական Բողոքի Ցոյց
Միջազգային

Մոնթենեկրոյի Մայրաքաղաքին Մէջ Հակաթրքական Բողոքի Ցոյց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?