Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար երեսփոխան, զօրավար Միշել Աունի նախկին դաշնակիցներէն` զօրավար Իսամ Ապու Ժամրա կը հիմնէ անկախ հոսանք մը` «Թայար մուսթաքըլ»: «Լեպանոն ֆայլզ» լրատուական կայքը, որ հաղորդեց լուրը, յայտնեց, թէ շուրջ տասը նախկին դաշնակիցներ եւ Ազգային ազատ հոսանքի հիմնադիրներ մաս կը կազմեն այս նոր կառոյցին: Անիկա կ՛ընդգրկէ փաստաբաններ եւ նախկին բանակայիններ: Կայքը լուրին կողքին կը ներկայացնէ Ապու Ժամրայի անունով պետական պատկան մարմինին յղուած դիմումի պատճէնը: