Ռիֆի. «Մենք Պիտի Շարունակենք Արդարութեան Եւ Ոճրագործները Հաշուետուութեան Կանչելու Պայքարը»
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի մասնակցեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու բարձրաստիճան զինուորական Ուիսամ Իտի նահատակութեան Է. տարելիցին առիթով կազմակերպուած յիշատակի հանդիսութեան, որուն ընթացքին ան յայտնեց, որ Իտ Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութեան մարմնացումն էր եւ յանձնառու էր արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը պահպանելու, հետեւաբար ան իր աշխատանքն ու պարտականութիւնները կատարեց ամբողջական նուիրումով: Ռիֆի յայտնեց, որ Իտ իր բարեկամներուն հետ գործեց եւ կրցաւ բացայայտել նախկին վարչապետ Ռաֆիք...


















