Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիւանագիտական Զօրաշարժ` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ. Հարաւի Մէջ` Զգուշաւոր Հանդարտութենէն Դէպի Բնականոնացում

January 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1535686_806860766052580_2670836093090244640_nՇեպաայի գործողութենէն ետք զգուշաւոր հանդարտութիւն տիրեց հարաւային Լիբանանի յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Սակայն պատկան պատասխանատուներու հանգստացնող յայտարարութիւններուն լոյսին տակ կացութիւնը հետզհետէ կը թուի բնականոն ընթացք ստանալ: Փաստօրէն շրջանի դպրոցները սովորական կերպով շարունակած են դասընթացքները, նաեւ շուկաները սովորական վիճակ պարզած են: Աւելի՛ն` շրջանի բնակչութիւնը հպարտ ու զօրակցական կեցուածքներով ողջունեց Շեպաայի գործողութիւնը:

Այս գծով երէկ շարունակուեցան զօրակցական ողջոյնի կեցուածքները տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ, ուր յատկանշական էր իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատու Հիւսէյն Ամիր Ապտուլլահեանի յայտարարութիւնը,  որ դրուատելով Հըզպալլայի գործողութիւնը, զայն ինքնապաշտպանութեան օրինական քայլ նկատեց` շեշտելով Լիբանանի ներքին կայունութեան անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդանաւեր երէկ շրջեցան հարաւային շրջաններուն վերեւ` հետախուզական թռիչքներով: Ըստ լրատուական աղբիւրներու, իսրայէլեան պատկան իշխանութիւնները սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան թելադրած են ապաստանարաններէն վերադառնալ իրենց բնակարանները եւ իրենց բնականոն կեանքը շարունակել:

Շեպաայի գործողութիւնն ու զայն կանխած Քնայթրայի իսրայէլեան յարձակումը երէկ առանցքը կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի ունեցած խորհրդակցութեանց: Այս ծիրին մէջ ան այսօր Պուսթրոսի պալատին մէջ պիտի տեսակցի դիւանագիտական անձնաւորութիւններու, յատկապէս` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ մեծ պետութեանց դեսպաններուն եւ միջազգային կազմակերպութեանց (Եւրոպական Միութիւն…) ներկայացուցիչներուն հետ: Նախարար Պասիլ այս առիթով պիտի արծարծէ յատկապէս իսրայէլեան յարձակումներուն եւ անոնց պատճառով Լիբանանի մէջ արձանագրուած զոհի թէ կորուստներու հարցերը: Ան յատկապէս պիտի բողոքէ Իսրայէլի կողմէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի տրամադրութեանց խախտումի պարագան, որուն գլխաւոր զոհերէն էր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու սպանացի զինուորին նահատակութիւնը: Նշենք, որ երէկ Լիբանանի պատկան մարմիններ բանակի թէ պետական պաշտօնական իշխանութեանց անունով յետմահու պարգեւատրեցին սպանացի նահատակ զինուորը` նախքան անոր թաղումը:

 

Նախորդը

Լուքաշենքօ Չի Բացառեր Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն Դուրս Գալու Կարելիութիւնը

Յաջորդը

Շեպաայի Գործողութեան Վաղորդայնին. Ներքին Ճակատի Ամրապնդումն Ու Անդորրութիւնը Կեցուածքներու Առանցքը Կազմեց

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.