Շրջանային իրադարձութիւնները իրենց քաղաքական ու յատկապէս ապահովական դրսեւորումներով իրենց վրայ կը կեդրոնացնեն երկրին ղեկավարներուն ուշադրութիւնը` նկատի ունենալով այդ իրադարձութիւններուն դրական թէ ժխտական անդրադարձները Լիբանանի ներքին կացութեան վրայ: Քընայթրայի յարձակումէն տասը օրեր ետք, գրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն ուղղուած հրթիռարձակումը, շրջանի այլ երկիրներու (Սուրիա, Եմէն, Լիպիա…) ապահովական նորագոյն զարգացումները իրենց անխուսափելի հետեւանքները կը թողուն շրջանի ապահովական վիճակի վճռումին մէջ եւ Լիբանան հեռու չէ այս «պատկեր»-էն: Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի կարծիքով, Քընայթրայի եւ Կոլանի դէպքերով Իսրայէլ կ՛ուզէ (Լիբանանի) հարաւին նման ճակատ մը ստեղծել շրջանին մէջ: Փաստօրէն ՏԱՀԵՇ-ի վերջին յայտարարութիւնները «Լիբանանի նահանգին ազատագրման» գծով որոշ մտավախութիւններ կ՛առթեն ապահովական առումով: Դէտեր որոշ լրջութեամբ կը հետեւին ՏԱՀԵՇ-ի այդ յայտարարութեան եւ Արսալի շուրջ վերջին օրերու կրկնուող բախումները կու գան շեշտելու անոնց մտավախութիւնները, թէ Լիբանան կը գտնուի վտանգաւոր հանգրուանի մը սեմին: Այս դիտանկիւնէն կարելի է մեկնաբանել լիբանանեան բանակի որդեգրած հետախուզական քայլերն ու ապահովական միջոցառումները լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ` Արսալէն մինչեւ Մեթնի Տըքուենի շրջանը, ուր յատուկ հետախուզութիւններ կատարուեցան կասկածելի տարրերու փնտռտուքով: Այս ծիրին մէջ բանակը, գործակցաբար ապահովական պատկան ուժերու հետ, պատրաստած է ապահովական ծրագիր մը` կանխարգիլելու խափանարարական որեւէ քայլ, որ կը սպառնայ երկրին ապահովական կայունութեան: Ապահովական այդ ծրագիրի նորագոյն քայլը պիտի կիրարկուի Պեքաայի շրջանին մէջ եւ անոր գործադրութեան կանաչ լոյսը պիտի տայ բանակը:
Ապահովական Զարգացումներու Առընթեր`
Քաղաքական Ճիգերու Սերտացում
Բանակի այս քայլերուն կողքին քաղաքական խորհրդակցութիւնները թափ առած են շրջանային թէ տեղական մակարդակներու վրայ: Այս իմաստով հայեացքները կեդրոնացած են Ռիատի վրայ, ուր Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին մահուան առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի հանդիպումը նոր նշանակուած Սալման թագաւորին հետ, կը կրէ անուղղակի վեհաժողովի բնոյթ` նկատի ունենալով արծարծուող հրատապ հարցերուն բնոյթը: Դէտերու կարծիքով, ամերիկեւսէուտական այդ խօսակցութիւնները կրնան դրական արդիւնքներու յանգիլ, ինչ որ բարերար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ նաեւ Լիբանանի գծով: Արդարեւ, Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին գծով բանակցութիւններու ընթացքը սպասողական վիճակ մը ստեղծած է, մինչեւ այդ բանակցութեանց ելքին յստակացումը:
Լիբանանեան մակարդակի վրայ նոյնպէս քաղաքական ու յատկապէս դիւանագիտական քննարկումները թափ առած են` կանխարգիլելու ապահովական որեւէ զարգացում: Այս ծիրին մէջ Ֆրանսայի եւ Իրանի դեսպանները երէկ անջատ այցելութիւններով խորհրդակցութիւններ ունեցան երկրի վարիչներուն եւ կարգ մը կողմերու ղեկավարներուն հետ: Այս ծիրին մէջ, վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Իրանի դեսպանը: Իսկ Ֆրանսայի դեսպանը այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Երկկողմանի յարաբերութեանց կողքին, խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ շրջանի վերջին իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Նաեւ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութեան դրական քայլերէն կը նկատուին հրահրիչ ու երկպառակիչ արտայայտութեանց եւ պատկերներու վերացումը, քայլ մը, որ կրնայ որոշ չափով մեղմացնել ու հանդարտեցնել լարուած տրամադրութիւնները ներքին ճակատի վրայ:»