Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Դիրքաւորուած Է Ռաս Պաալպեքի Մէջ Եւ Հակակշիռի Տակ Առած Թալլեթ Համրան

January 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

12515_ARMY1Շաբաթ առաւօտեան Ռաս Պաալպեքի եւ անոր շրջակայքին մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, որուն ընթացքին բանակը շարունակեց յաւելեալ ուժեր դիրքաւորել իր հակակշիռին տակ գտնուող Թալլեթ Համրա գիւղաքաղաքին մէջ:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը շարունակեց դիրքաւորուիլ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ եւ անոր շրջակայքը, ինչպէս նաեւ հետապնդեց այդ բարձունքներէն փախուստ տուած ահաբեկիչները:

12515_ARMY2Հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց ահաբեկիչներուն օգտագործած զրահապատերն ու պատնէշները` անոնց շարքերուն մէջ մեծ թիւով զոհեր պատճառելով:

Նշենք, որ Ռաս Պաալպեքի յարձակումին ընթացքին նահատակուած 8 բանակայինները շաբաթավերջին յանձնուեցան հողին:

Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան դժուարութիւնները եւ որքա՛ն սուղ ըլլայ բանակին վճարելիք գինը, հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի:

Պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել ողջունեց լիբանանեան բանակը` ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելու անոր կարողութիւններուն եւ վճռակամութեան համար:

Մուքպել հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը երկիրը պաշտպանող հզօր վահանն է, «Լիբանանի դէմ ահաբեկիչներուն կողմէ գործուած որեւէ յարձակում ձախողութեան պիտի մատնուի եւ Լիբանան պիտի վերածուի յարձակում գործող խմբաւորումներուն գերեզմանին», ըսաւ ան:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի գնահատեց լիբանանեան բանակին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ ցուցաբերուած հերոսական պայքարը` վերահաստատելով բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ իր զօրակցութիւնը:

«Լիբանանեան բանակը դարձեալ փաստեց ահաբեկչական յարձակումներուն դէմ պայքարելու իր կարողութիւնը: Նահատակ բանակայիններու նոր փաղանգ մը եկաւ հաստատելու, որ զինեալ ուժերը պիտի պաշտպանեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը», ըսաւ Հարիրի:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն համախմբուելու լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն շուրջ, որպէսզի անոնք կարենան լիովին կատարել իրենց աշխատանքը:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ մտահոգութիւն յայտնեց Ռաս Պաալպեքի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումին առումով: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց բանակին հրամանատարութեան եւ ութ բանակայիններուն ընտանեկան պարագաներուն` ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Քաակ ողջունեց երկրին սահմանները պաշտպանելու նպատակով լիբանանեան բանակին որդեգրած միջոցառումներն ու ճիգերը` հաստատելով, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին եւ պահպանել անոր ապահովական կայունութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ի զինուորական ընդհանուր հրամանատար էմիր Ահուազի, ինչպէս նաեւ զինուորական երկու այլ պատասխանատուներ` էմիր Ղայյաս Ժումաա եւ Ապու Ուալիտ Անսարի  սպաննուած են:

ԲԱՆԱԿԸ երէկ Արեւմտեան Պեքաայի Մարժ շրջանին մէջ ձերբակալեց 12 սուրիացիներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամակցելու իմաստով կասկածելիներ են:

 

Նախորդը

«Հըզպալլայի Դէմ Գործուած Յարձակումը Ուղղակի Յարձակում Է Եւ Անիկա Ուղղակի Թիրախ Կը Դարձնէ Կուսակցութիւնը» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Յաջորդը

Ապտալլա Թագաւորին Մահուան Առիթով Լիբանանեան Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Կ՛ուղղուի Սէուտական Արաբիա

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

January 15, 2026
Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի  Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու
Լիբանանեան

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

January 15, 2026
Ընդունելով Լը Տրիանը`  Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ  Իր Յարձակումները Շարունակէ»
Լիբանանեան

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.