Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Ապահովական Մտավախութիւններու Մթնոլորտին. Ներքին Ճակատի Համերաշխութեան Ու Երկխօսութեան Ջանքերը Կ՛ընթանան Դանդաղ, Բայց Հաստատ Քայլերով

Յունուար 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շատի Մաուլաուի
Շատի Մաուլաուի

Շրջանի ապահովական իրադարձութեանց լոյսին տակ հաղորդուող տեղեկութիւններն ու անոնց ժխտական անդրադարձները լիբանանեան հրապարակին վրայ ապահովական մտավախութիւններու մթնոլորտ մը ստեղծեցին երկրին մէջ: Այս իմաստով հայեացքները կեդրոնացան Իսրայէլ-Հըզպալլա ճակատումի հաւանականութեան գծով շրջան ընող տեղեկութեանց վրայ: Մտավախութիւնները նաեւ կ՛ընդգրկեն առեւանգուած զինուորականներու ճակատագիրի կողքին նաեւ կարգ մը ահաբեկիչներու սանձարձակ շրջագայութիւնը լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ փախստական ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուի վերջերս դուրս եկած է պաղեստինեան Այն Հըլուէի գաղթակայանի իր «թաքստոց»-էն ու կը ծրագրէ ահաբեկչական գործողութեան մը ձեռնարկել: Այս գծով գաղթակայանի մէկ պատասխանատուն յայտարարեց, որ յառաջիկայ 24 ժամերուն կը յստականայ Մաուլաուիի պարագան: Նշենք, որ վերջին օրերուն պաղեստինցի մէկէ աւելի ղեկավարներ անհրաժեշտ նկատած էին, որ Մաուլաուի հեռանայ գաղթակայանէն, ուր անոր ներկայութիւնը կը վտանգէ շրջանի ապահովութիւնը, եւ պահանջած, որ ան դուրս ելլէ գաղթակայանէն այնպէս, ինչպէս մտած էր: Միաժամանակ մտավախութիւնները կը շարունակուին քաղաքական ճակատի վրայ: Արդարեւ, Միացեալ նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հիլ վերջերս լիբանանցի վարիչներուն հետ, յատկապէս` վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ իր տեսակցութեանց ընթացքին փոխանցած է Իսրայէլի կեցուածքը, թէ` անիկա «շատ խիստ կերպով պիտի հակադարձէ իրեն դէմ ուղղուող որեւէ յարձակումի»: Այս գծով դէտեր որոշ պատասխան կ՛ակնկալեն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայէն, որ յառաջիկայ ուրբաթ պատկերասփռուած ելոյթով իր խօսքը պիտի փոխանցէ այս առնչութեամբ:

Դրական Նախանշաններ

Միւս կողմէ, սակայն, ներքին ճակատի անդորրութեան ամրապնդման ու համերաշխութեան ճիգերը կը շարունակուին մէկէ աւելի ուղղութիւններով: Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութեան չորրորդ նիստը կայացաւ երէկ Այն Թինէի մէջ` հովանաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Խորհրդակցութեանց աւարտին ժողովականները հաղորդագրութեամբ մը դրուատեցին ցարդ այս ուղղութեամբ առնուող քայլերը` իրենց յանձնառութիւնը հաստատելով շարունակելու երկխօսութեան ամրապնդման ու յաջողութեան նպաստող ճիգերը:

Իսկ Ազգային ազատ հոսանք-Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին երկու կողմերու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Այս գծով լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչ եւ Սամիր Ժահժահի խորհրդական Մլհեմ Ռիաշի «Մարքազիէ» լրատուական գործակալութեան կատարած յայտարարութեամբ հաստատեց, որ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին` «ոչ շատ ուշ» նախատեսելով  Աուն-Ժահժահ սպասուող հանդիպումը:

Դարձեալ այս գծով, իրազեկ աղբիւրներ դրական նախանշաններ կ՛ուզեն տեսնել Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին մահուան առիթով ցաւակցական այցելութիւններու ընթացքին կայացող կողմնակի խօսակցութեանց ընդմէջէն: Այս իմաստով ուշագրաւ է Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի Սէուտական Արաբիա մեկնումը` ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի: Զայն կանխած էր նաեւ Սամիր Ժահժահ` պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով: Այս իմաստով գաղտնիք չէ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքի հունաւորման եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան գծով:

 

Նախորդը

Լիբանանցի Զինուորական Ղասսան Խալետ Աժաժ Զոհ` Ահաբեկչական Գործողութեան

Յաջորդը

Զոհուած Զինուորները Յետմահու Պարգեւատրուեցան

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?