ԵՐԿՈՒ զոհ եւ քանի մը վիրաւորներ արձանագրուեցան երէկ, Ըժտիթա-Շթորայի «Հաշեմ» ճաշարանին մօտ պատահած ահաւոր արկածի մը հետեւանքով, երբ կովերով բեռնաւորուած փոխադրակառք մը եւ մազութ փոխադրող հանրաշարժ մը իրարու բախեցան: Փոխադրակառքը վարող սուրիացի Ապտել Ռահման Մոհամետ Աուատ եւ լիբանանցի Մահա Թանիոս Խուրի զոհ գացին: Խուրի կը վարէր երկու փոխադրակառքերուն միջեւ գտնուած ու ճզմուած ինքնաշարժը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ դատական պատկան մարմիններուն յղեց փտած ու նեխած սառած քարիտէզներու Լիբանան մաքսանենգութեան հարցը: Յետ քննութեան պարզուած է, թէ քարիտէզները կը պարունակեն մանրէներ: Նմանապէս անոնք Լիբանան պիտի մտցուէին խուսափելով մաքսատուրքերէ: Միւս կողմէ, նախարար Խալիլ դատական հետապնդումի ենթարկեց ինը պաշտօնեաներ, որոնցմէ երեքը պետական կալուածային մարզին մէջ կը պաշտօնավարեն:
ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ դատախազ մը դատական հայց յարուցեց Հարիրիի անուան հիւանդանոցի դեղորայքի բաժանմունքի պատասխանատուին դէմ, որ ժամանակը անցած դեղեր կը վաճառէր եւ կը կեղծէր դեղերու ստացագիրներու գումարները: Ան ներկայիս հետապնդումի ենթակայ է: