Հըզպալլա երէկ տեսակարար գործողութեամբ մը պատասխանեց Սուրիոյ Քնայթրա շրջանին մէջ Իսրայէլի կատարուած գործողութեան:
Իսրայէլեան ուժերը յայտնեցին, որ իրենց դէմ գործողութիւն մը եղած է Մազարեհ Շեպաայի մէջ` ընդգծելով սակայն, որ այդ գործողութեան ընթացքին իսրայէլացի ոչ մէկ զինուոր գերեվարուած է:
Հըզպալլայի հրապարակած թիւ 1 հաղորդագրութեամբ պաշտօնապէս ստանձնուեցաւ գործողութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:25-ին, Մազարեհ Շեպաայի մէջ, կուսակցութեան «Քնայթրայի նահատակներ» խմբակը հրթիռարձակումի թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան բանակի ինը զրահապատներ, որոնք կ՛ընգրկէին իսրայէլացի սպաներ եւ զինուորներ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլա յարմար հրթիռները օգտագործած է` թիրախ դարձնելու համար իսրայէլեան զինուորական մեքենաները:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Հըզպալլա հակազրահապատ հրթիռներ արձակած է իսրայէլեան ուժերուն դէմ եւ պատճառած զոհեր ու վիրաւորներ:
Պատկերասփիւռի «Մայատին» կայանին համաձայն, Մազարեհ Շեպաայի գործողութեան ընթացքին զոհուած են 15 իսրայէլացի զինուորներ:
Ժամեր ետք իսրայէլեան լրատուամիջոցները բաւարարուեցան ըսելով, որ Մազարեհ Շեպաայի գործողութեան ընթացքին սպաննուած են երկու իսրայէլացի զինուորներ, որոնց շարքին` «Կաֆաաթի» ջոկատին մաս կազմող զօրամասի մը հրամանատարը` հազարապետ Եոհայ Քլինկեր եւ յիսնապետ Նինի, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են 7 ուրիշներ:
Իսրայէլեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Մազարեհ Շեպաայի մէջ թիրախ դարձած իսրայէլեան շքախումբը բարձրաստիճան զինուորականներու շքախումբ էր:
Գործողութենէն անմիջապէս ետք, իսրայէլեան ուժերը հակադարձեցին ռմբակոծելով լիբանանեան սահմանամերձ շրջանի կարգ մը գիւղաքաղաքներ, ինչպէս` Ապպասիէն, Մաժիտիէն, Մազրաաթ Շանուհը եւ Մազարեհ Շեպաայի մերձակայքը:
Իսրայէլեան թնդանօթներուն կատարած ռմբակոծումին պատճառով սպաննուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանացի զինուոր մը:
Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ Կոլանի բարձունքներուն վերեւ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրին ոչ միայն «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործեց, այլեւ` «Էֆ. 16» տիպի կործանիչներով:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ծովուժի յածանաւերը խախտեցին լիբանանեան ծովային սահմանները եւ մօտեցան դէպի Սուր:
Նշենք, որ Հըզպալլա իր կարգին ռմբակոծեց Մթըլլէի բնակեցման վայրն ու իսրայէլեան այլ շրջաններ:
Այս ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարեց երկու կողմերուն հետ` հակակշռելու համար կացութիւնը եւ թելադրելով անոնց ինքնազսպումի ենթարկուելու:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը շուրջ 11:30-ին, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը նշմարած են, որ հիւսիսային Մայսաթի Ուազզանի շրջանէն դէպի Իսրայէլ 6 հրթիռ արձակուած է:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ իսրայէլեան կողմին ռմբակոծումներուն պատճառով նահատակուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամ սպանացի զինուոր մը:
«ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ հաղորդակցութիւններու միջոցով փորձեց հակակշռել սահմանին վրայ տիրող լարուածութիւնը եւ խստիւ դատապարտեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին այս վտանգաւոր խախտումը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
ՖԻՆԻՒԼ-ի հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին Քֆարշուպայի շրջանէն դէպի Իսրայէլ 5 հրթիռներ արձակուած են, եւ Իսրայէլ հակադարձած է այդ ռմբակոծումներուն:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ այս մասին հետաքննութիւն բացած է:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, իսրայէլեան աղբիւրներ ՖԻՆԻՒԼ-ին պաշտօնապէս փոխանցեցին, թէ իրենք պիտի բաւարարուին մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00 հարաւային Լիբանանի դէմ իրենց գործած ռմբակոծումներով, իսկ իսրայէլեան պետութիւնը նոյն պահուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցեց, թէ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պահպանելու համար ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը եւ հիւսիսային իր սահմանները, ինչպէս նաեւ հոն ապրող իսրայէլացիներուն անվտանգութիւնը:
Պէտք է նշել նաեւ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, անդրադառնալով Մազարեհ Շեպաայի գործողութեան, ըսաւ, որ «Լիբանանի կառավարութիւնը եւ սուրիական վարչակարգը պատասխանատու են Իսրայէլի դէմ կատարուող գործողութիւններուն»` աւելցնելով, որ պատասխանատուները այս գործողութեան գինը սուղ պիտի վճարեն:
Նշենք, որ դէպքին իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն Նեթանիահու ըսած էր հետեւեալը. «Կ՛առաջարկեմ մեզ չփորձէք եւ յիշէք, թէ վերջերս իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ ինչպէ՛ս պատասխանած է»:
Հակազդեցութեան Ալիք
Վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին, եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին իսրայէլեան վայրագութիւնները սանձելու:
Վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան` սպանացի զինուորին նահատակութեան առիթով:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած ռմբակոծումը, որ պատասխան էր Կապոյտ գիծէն հեռու, բռնագրաւուած լիբանանեան հողերուն վրայ` Մազարեհ Շեպաայի մէջ կատարուած գործողութեան:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, եւ ցաւակցութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ին հարաւային Լիբանանի մէջ սպանացի զինուորին նահատակութեան առիթով:
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց նման գործողութիւններէ զգուշանալու անհրաժեշտութիւնը եւ հարց տուաւ, թէ Լիբանանի շահերը ո՞ւր են զայն Իսրայէլի դէմ պատերազմի մը մէջ ներքաշելէ: «Պատերազմ մը, որուն կարիքը ունի Իսրայէլ եւ կը փորձէ Լիբանանը մղել անոր եւ թիւ 1701 բանաձեւը խախտելու», ըսաւ ան:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց նախազգուշական բոլոր քայլերուն դիմելու` Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք պատերազմին պարագային:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց հարաւային Լիբանանի մէջ պատահածին` հաստատելով, որ Հըզպալլա շրջանային իր ծրագիրներուն մէջ աւելի եւս կը խորանայ:
Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ ողջունեց Դիմադրութիւնը` անոր կատարած գործողութեան համար` շեշտելով, որ Մազարեհ Շեպաայի գործողութիւնը յարմար ժամանակին տրուած յարմար պատասխան մըն է:
Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը զգուշացուց թշնամի Իսրայէլին յետին նպատակներէն` շեշտելով, որ երկրին ճակատագրական որոշումները` պատերազմի եւ խաղաղութեան առումով, կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է:
Ամալ շարժումը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ սիոնական գոյացութեան սպանութիւններուն եւ անոր բռնարարքներուն միայն դիմադրութեամբ կարելի է պատասխանել:
Ամալ շարժումը անհրաժեշտ նկատեց, որ այս պահուն ներքին լիբանանեան եւ արաբական բոլոր ջանքերը պէտք է զօրակցին Դիմադրութեան, որ միակ միջոցն է ազատագրելու Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները:
Ամալ շարժումը ցաւակցութիւն յայտնեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` սպանացի զինուորին նահատակութեան առիթով:
Լիբանանի մէջ Համասի պատասխանատու Ժիհատ Թահա բարձր գնահատեց Դիմադրութեան գործողութիւնը` զայն նկատելով Իսրայէլի որդեգրած քաղաքականութեան դէմ բնական պատասխան մը:
Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին անմիջապէս միջամտելու` հակակշռելու համար լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանին վրայ արձանագրուած զինուորական գործողութիւնները:
Իրանեան բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ Իրան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Դիմադրութեան մարտիկներուն, որոնք կը պայքարին Իսրայէլի դէմ:
Միացեալ Նահանգներ նկատել տուին, որ Մազարեհ Շապաայի մէջ Հըզպալլայի կողմէ իսրայէլեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումը վտանգաւոր իրադարձութիւն է, սակայն անիկա պատերազմ չ՛ենթադրեր: