Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 29, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կառավարութեան մէջ ստանձնած իր պատասխանատուութիւններէն պիտի չհրաժարի` աւելցնելով սակայն, որ նախագահական ընտրութեան կայացումը անհրաժեշտ է:

ԴԱՏԱՒՈՐ Փիթըր Ժերմանոս լիբանանցի երիտասարդ Իվ Նաուֆալը սպաննելու յանցանքով մահապատիժի վճիռ արձակեց Շարպել Ժորժ Խալիլի, Շարպել Շարպել Խալիլի, Ժուլիանօ Սաատէի, ինչպէս նաեւ Քրիսթիան, Էլի եւ Մարիօ Խալիլներու դէմ:

ՍԱՅՖԻԻ շրջանին մէջ երէկ «Քիա» ինքնաշարժ մը կասկածի տակ առնուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան ապօրինի վայրի մը մէջ կանգնեցուած էր: Բանակի սակրաւորները անմիջապէս փութացին Սայֆի եւ ստուգելէ ետք ինքնաշարժը փաստեցին, որ անիկա ականուած չէ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով, մազութինը` 1000 լ. ոսկիով, տիզըլը` 500 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 600 լ. ոսկիով: Նշենք, որ պիւթակազի շիշին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ պայքարը մէկ է` Նինուէէն մինչեւ Արսալի բարձունքներ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Քազինօ տիւ Լիպանը կարիքը ունի աշխատանքային ամբողջական ծրագիրի մը, որ կը սկսի վարչական խորհուրդը փոփոխութեան ենթարկելէն:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն հանդիպում մը ունենալէ ետք Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը պատճառ դարձած է կառավարութեան մէջ ստեղծուած հարցերուն:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնեն, որ ՏԱՀԵՇ մօտ օրէն Լիբանանի մէջ պիտի յայտարարէ իր էմիրութիւնը` իշխան նշանակելով շէյխ Ահմետ Ասիրը: Աղբիւրները նշած են, որ ՏԱՀԵՇ Լիբանանի մէջ նոր զինուորական գործողութիւններ կը ծրագրէ եւ իր այդ նպատակին իրագործման համար հիւսիսային Սուրիայէն աջակցութիւն խնդրած է:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա Եւրասիական Ուժանիւթային Միութիւն Պիտի Ստեղծեն

Յաջորդը

Պըրրի Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Յետաձգեց 18 Փետրուարին

RelatedPosts

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

Ապրիլ 1, 2023
Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Ապրիլ 1, 2023
Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի  Երանացման Ուղիին Վրայ
Լիբանանեան

Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի Երանացման Ուղիին Վրայ

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In