Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ասիրին, Մուսթաքպալի Երեսփոխաններն Ու Զօր. Փորթոլանոն

June 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ասիրի եւ վարչապետ Սալամ
Ասիրի եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ, Ժամալ Ժարրահ, Ռիատ Ռահհալ, Ամին Ուեհպէ եւ Զիատ Քատիրի:

Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք համոզուած են, որ միայն լիբանանեան բանակը իրաւունք, կարողութիւններ եւ քաղաքական հովանաւորութիւն ունի լիբանանեան հողերը պաշտպանելու, ինչ ալ ըլլան անոնց քաղաքական թէ համայնքային պատկանելիութիւնը, առանց բացառութեան:

Ֆաթֆաթ մաղթեց, որ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն պաշտպանը ըլլան երկրին բանակը եւ Լիբանանի ապահովական կառոյցները:

Ֆաթֆաթ նշեց, որ վարչապետին ներկայացուցած է քաղաքական տարբեր ուժերու հետ իրենց ունեցած այցելութիւններուն արդիւնքները` աւելցնելով, որ բոլորը կը դատապարտեն կառավարութեան աշխատանքը կաղացնելու քայլերը:

Ֆաթֆաթ հաստատեց, որ վարչապետին իրաւասութիւններուն ոչ ոք կրնայ միջամտել կամ շրջանցել զանոնք:

«Վարչապետը Լիբանանի քաղաքական այս կամ այն ուժը չի ներկայացներ եւ Սալամ բազմիցս փաստած է այդ իրականութիւնը` ներքին քաղաքական առումով», ըսաւ ան:

Ֆաթֆաթ հաստատեց, որ վարչապետն է, որ կ՛որոշէ, թէ ե՛րբ կառավարութիւնը նիստի պիտի հրաւիրէ եւ թէ նախարարաց խորհուրդը ի՛նչ օրակարգ պիտի քննարկէ` ըստ առաջնահերթութեան:

Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք գնահատած են վարչապետ Սալամի իմաստուն կեցուածքը եւ վերահաստատած են անոր նկատմամբ իրենց վստահութիւնը, երկիրը դուրս բերելու համար սառեցումի այս իրավիճակէն:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Մուսթաքպալի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի:

 

Նախորդը

Մարոնի Եկեղեցւոյ Հոգեւորական Տարեկան Հանդիպում` Պքերքէի Մէջ

Յաջորդը

Պըրրի. «Շեպաայի Դէմ Իսրայէլեան Նոր Ոտնձգութիւնը Մերժելի Է»

RelatedPosts

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ  Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել,  Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել, Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»

January 23, 2026
Պասիլ. «Պետութիւններու, Կառոյցներու  Եւ Զէնքի Միութեան Հարցին Մէջ Սէուտական  Արաբիոյ Հետ Համաձայն Ենք»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Պետութիւններու, Կառոյցներու Եւ Զէնքի Միութեան Հարցին Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայն Ենք»

January 23, 2026
Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Պուխարի Կը Վերահաստատէ Լիբանանի,  Կառավարութեան Քաղաքականութեան  Եւ Որոշումներուն Նկատմամբ Ռիատի Զօրակցութիւնը
Լիբանանեան

Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Պուխարի Կը Վերահաստատէ Լիբանանի, Կառավարութեան Քաղաքականութեան Եւ Որոշումներուն Նկատմամբ Ռիատի Զօրակցութիւնը

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.