Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԵՊԱԱՅԻ եւ Քֆարշուպայի բնակիչները երէկ կէսօրին քանդեցին Սատտանէի մէջ իսրայէլեան ուժերուն տեղադրած փշաթելերը եւ հոն լիբանանեան դրօշ բարձրացուցին:

ԿԸ նախատեսուի, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը նիստի մը չհրաւիրէ, բացի եթէ քննարկումի կարիքը ունեցող արտակարգ եւ հրատապ հարցեր ստեղծուին:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոս մաղթեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ մերձեցումը արդիւնաւորուի Լիբանանի նախագահական ընտրութեամբ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը ընդգրկէ փոխըմբռնումի շրջագիծին մէջ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պատասխանատու են Արսալի բարձունքները ահաբեկչութեան որջերու վերածելու երեւոյթին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ համաձայն են, որ բանակի մասնայատուկ ուժերու պետ գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ դառնայ բանակի հրամանատար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխաններ յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատած է, որ երկու նախարարներ իրաւունք չունին կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական բանակին միջեւ գործակցութեան չգոյութիւնը մեծ սխալ էր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ կոչ ուղղեց ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ անոնց հրամանատարութեան զօրակցելու, որպէսզի անոնք երկրին համար երաշխիք մնան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ այս հոսանքը կը գործէ սահմանադրութեան հովանիին տակ` իր գրաւը դնելով միայն բանակին եւ պետութեան վրայ: Ան շեշտեց, որ Մուսթաքպալ կառչած կը մնայ վարչապետ Թամմամ Սալամին զօրակցութեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը խոչընդոտելու պատասխանատուն Ազգային ազատ հոսանքը չէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի նոր հրամանատարի նշանակումին հարցը պիտի չլուծուի մինչեւ սեպտեմբեր: Ան աւելցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ բանակը քաղաքական առքուվաճառքի միջամուխ դարձնել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի յաղթանակները պատճառ պիտի դառնան, որ ներքին լիբանանեան առումով միջազգային հաշիւները փոխուին: Նոյն օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, մտավախութիւն յայտնեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի շուրջ օղակին սեղմումը իր հետեւանքները ունենայ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ Արսալի մէջ յաղթանակներ ստեղծած են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ կառավարութիւնը կարող է լիբանանեան բանակի հրամանատար նշանակել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը մեծ հաշտութիւն մը կը նկատուի, եւ մենք պէտք է օգտուինք այդ յարաբերութենէն:

 

Նախորդը

Օպամա Քննադատած Է Թուրքիան` ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներուն Սուրիա Մուտքը Չկանխարգիլելուն Համար

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն Մեծամասնութիւնը Տակաւին Չի Գիտակցիր, Որ Հանրապետութեան Նախագահութիւն Չկայ»

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

January 15, 2026
Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի  Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու
Լիբանանեան

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

January 15, 2026
Ընդունելով Լը Տրիանը`  Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ  Իր Յարձակումները Շարունակէ»
Լիբանանեան

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.