Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսթաքպալ Հոսանքի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Զօր. Սլէյմանի Եւ Ժեմայէլի

Յունիս 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-09-15_sleiman_mustaqbalՆախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ, Ժամալ Ժարրահ, Հատի Հպէյշ, Ամին Ուեհպէ եւ Զիատ Քատիրի:

Հանդիպումէն ետք Սլէյման յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին ուժը զայն ընտրող իսլամներուն զօրակցութեան մէջ կը կայանայ եւ ոչ թէ քրիստոնեայ համայնքի իր ներկայացուցչութեան:

Սլէյման շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը սառեցնելը վտանգաւոր է եւ կոչ ուղղեց անտեսելու իրանեան, սուրիական եւ թրքական ծրագիրները` վերադառնալով լիբանանեան ծրագիրին, որ ներքին լիբանանեան միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնն է, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:

Իր կարգին, Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը իբրեւ ապահովական օրինական ուժ կ՛ընդունի բանակն ու երկրին ապահովական կառոյցները:

Ֆաթֆաթ կոչ ուղղեց քաղաքական համախոհութիւն գոյացնելու եւ զօրակցելու բանակին:

Մուսթաքպալի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Ահմետ Ֆաթֆաթ, Ժամալ Ժարրահ, Հատի Հպէյշ, Ամին Ուեհպէ եւ Ռիատ Ռահհալ: Հանդիպումին Փաղանգաւոր կուսակցութենէն ներկայ էին երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ, Էլի Մարունի, Սամեր Սաատէ եւ Ֆատի Հապըր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արսալի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը արգելակելու վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս հարցերը պիտի լուծուին, երբ անոնք իրենց ազգային պարունակին մէջ զետեղուին:

«Լիբանան վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի` անոր դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն պատճառով: Լիբանանը վտանգի ենթարկուած է նաեւ ազգային միասնականութեան չգոյութեան պատճառով: Մենք կը զօրակցինք նախագահական ընտրութեան եւ կառավարութեան ու խորհրդարանին աշխատանքներուն վերաշխուժացումին: Այս ձեւով միայն կարելի է փրկել Լիբանանը», ըսաւ Ժեմայէլ:

 

 

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Վաւերացուց Շարք Մը Համաձայնագիրներ

Յաջորդը

Փոքրիկն Էլլա Թաննուսի Հարցով Պէյրութի Դատախազութիւնը Այսօր Կը Հարցաքննէ Բժիշկ Իսամ Մաալուֆը

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?