Երէկ, արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Անթուան Սաատի, Ֆարիտ Խազենի, Խտըր Հապիպի, Խալետ Զահրամանի, Նաուաֆ Մուսաուիի եւ Ալի Պեզզիի, գումարեց իր հերթական նիստը:
Նիստէն ետք Զէյն յայտնեց, որ յանձնախումբը վաւերացուցած է կարգ մը ծրագիրներ, որոնց շարքին` Միջազգային դրամատան եւ Լիբանանի պետութեան միջեւ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ ելեւմուտքի նախարարութեան պիտի տրամադրուի գումար մը` ամբողջացնելու ելեւմուտքի նախարարութեան վարչական բարեկարգումի աշխատանքները:
Զէյն յայտնեց նաեւ, որ յանձնախումբը վաւերացուցած է նաեւ մաքսատան տուրքերու յատուկ համաձայնագիր մը եւ Լիբանանեան համալսարանի բարգաւաճման ծրագիրի ֆինանսաւորումը: