Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Ժրէյժի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Վերաբերող Հարցեր

Յունիս 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռամզի Ժրէյժ եւ վարչապետ Սալամ
Ռամզի Ժրէյժ եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ժրէյժ յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանան զգայուն պայմաններ կը դիմագրաւէ` յատկապէս նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը այս հինգշաբթի օր նիստի չէ հրաւիրուած, որովհետեւ կարգ մը նախարարներ կը մերժեն ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումէն բացի այլ օրակարգ քննարկել:

«Քաղաքական նոյն այս ուժերն են, որոնք արգելակեցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` խոչընդոտելով նախագահական ընտրութիւն կատարելու խորհրդարանին նիստերը, իսկ այս կեցուածքով պիտի արգելակեն նաեւ սահմանադրական միակ հաստատութեան` կառավարութեան աշխատանքը: Հետեւաբար վարչապետ Սալամին փափաք յայտնեցի, որ ան քաղաքական այս շանթաժին չենթարկուի եւ օգտագործէ սահմանադրական իր իրաւունքները` կառավարութիւնը հրաւիրելով նիստի` առանց ենթարկուելու քաղաքական որոշ ուժերու պարտադրած ճնշումներուն», ըսաւ ան:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նոր դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսին, որ յայտնեց, թէ իր այցելութիւնը ունէր արարողակարգային բնոյթ:

Հանդիպումէն ետք Շամիսի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են եւ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի, վստահութեան եւ բարոյական արժէքներու վրայ:

Շամիսի ընդգծեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լիբանանցիներուն նկատմամբ յարգանք կայ, եւ անոնք իրենց աշխատանքները սովորական կերպով կը կատարեն, «իսկ անոնք, որոնք վերադարձան Պէյրութ, ապա ապահովական պատճառներով վերադարձան, եւ այդ իրականութիւնը յստակ դարձած է Լիբանանի կառավարութեան եւ ապահովութեան պատասխանատուներուն համար», աւելցուց ան:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի դիւանապետ Տարիլ Մենտես, որ վարչապետարանին հետ քննարկեց այդ ատեանին վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

Փոքրիկն Էլլա Թաննուսի Հարցով Պէյրութի Դատախազութիւնը Այսօր Կը Հարցաքննէ Բժիշկ Իսամ Մաալուֆը

Յաջորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Մերժէ, Որ Կառավարութիւնը Նիստ Մը Գումարէ Եւ Սահմանադրութիւնը Խախտէ

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?