Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութեան Մարտիկները Արդէն Իսկ Անցած Են ՏԱՀԵՇ-Ի Դէմ Պատերազմելու Հանգրուանին

June 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-09-15_QAAHՇուրջ տասը օր առաջ Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչներուն դէմ զինեալ բախումներուն սկսած Դիմադրութեան մարտիկները, այդ խմբաւորումին հակակշիռին տակ գտնուող լիբանանեան հողերուն մեծ մասը ազատագրելէ ետք, երէկ անցան երկրորդ հանգրուանին` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ պատերազմին, ինչպէս յայտնած էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա:

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` Ռաս Պաալպեքի վերեւ: Բախումներուն ընթացքին Դիմադրութիւնը յաջողեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող երկու զրահապատներ քանդել:

Բախումները սկսան Հըզպալլայի դէմ ՏԱՀԵՇ-ի հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ յարձակում կատարելու փորձին իբրեւ հետեւանք:

Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ Քաայի եւ Նաայմաթի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները եւ մեծ թիւով զոհեր ու վիրաւորներ պատճառեցին:

Դիմադրութեան մարտիկները Արսալի բարձունքներուն վրայ սպաննեցին նաեւ Քալամունի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն Ապու Ուալիտ Սէուտին:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակը ուղղաթիռներով ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի վերեւ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:

Երեկոյեան հաղորդուած լուրերուն համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկներն ու բանակը յաջողած էին քանդել ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող տասը զրահապատներ, հինգ մոթորսիքլեթ եւ մէկ պուլտոզըր, ինչպէս նաեւ կրցած էին իրենց հետ վերցնել ՏԱՀԵՇ-ի 14 դիակներ:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Նախարարներ Ապու Սաապն Ու Ֆնէյշը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Պատճառով. Թուրքիան Տուն Կանչած Է Պրազիլի Մէջ Իր Դեսպանը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.