Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց կառավարութեան եւ խորհրդարանին վերաբերող շարք մը հարցեր: