«Օրէնսդրական Եւ Գործադիր Իշխանութիւններուն Անդամահատումը Ոչ Ոքի Համար Կրնայ Բան Մը Իրականացնել» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ
Հարպ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապալի իրավիճակը` սկսելով կառավարութեան աշխատանքի սառեցումէն, հասնելով մինչեւ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին պարտադրումը: Հարպ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամին փոխանցած է Խորհրդակցական հանդիպումին կեցուածքը, որուն հիման վրայ անոնք մերժած են հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանին բացակայութեան սառեցնել նաեւ երկրին...


















