Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոքրիկն Էլլա Թաննուսի Հարցով Պէյրութի Դատախազութիւնը Այսօր Կը Հարցաքննէ Բժիշկ Իսամ Մաալուֆը

June 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անթուան Պուսթանի
Անթուան Պուսթանի

Բժիշկներու տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, որուն ընթացքին բժիշկները պահանջեցին ազատ արձակել բժիշկ Իսամ Մաալուֆը, որ արգելափակուած է նորածին աղջնակ Էլլա Թաննուսի զոյգ ձեռքերուն ու ոտքերուն անդամահատման պատճառով: Մաալուֆ նախապէս ընդունած էր, որ իր սխալով է, որ մանուկը հասած էր այդ վիճակին:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Անթուան Պուսթանի շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն նստացոյցը, այնքան ատեն որ բժիշկ Իսամ Մաալուֆ կը մնայ արգելափակուած:

Այս առիթով Պուսթանի խստիւ դատապարտեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն մղած արշաւը` զանոնք որակելով աւերող արշաւներու առաջնորդներ եւ վարկաբեկիչ յայտարարութիւններու պատասխանատուներ, որոնք կը գործեն մամլոյ ազատութեան պիտակին ներքեւ:

Պուսթանի յայտնեց նաեւ, որ իրենք կը մերժեն բժշկական պատճառով ոեւէ բժիշկի բանտարկութիւնը` նախքան անոր դատավարութիւնն ու ստանալիք վճիռը:

Այս առումով, իր կարգին առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ վտանգաւոր պարագայի մը կոչին չընդառաջած բժիշկի մը դէմ որեւէ բողոքի պարագային, խնդրոյ առարկան ուղղակի դատական իշխանութիւններուն պիտի փոխանցուի:

Էլլա Թաննուսի հարցով Պէյրութի աւագ քննիչ դատախազը այսօր հարցաքննութեան պիտի ենթարկէ բժիշկ Իսամ Մաալուֆը:

 

Նախորդը

Մուսթաքպալ Հոսանքի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Զօր. Սլէյմանի Եւ Ժեմայէլի

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Ժրէյժի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ուալց Իշխանութեան 3 Պետերուն Հետ  Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Յաջորդող Փուլը
Գլխաւոր լուրեր

Ուալց Իշխանութեան 3 Պետերուն Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Յաջորդող Փուլը

November 17, 2026
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Իսրայէլ Արատը Փնտռելու Ձախող Փորձի Մը Ընթացքին  Իրանցի Երկու Զօրավարներ Առեւանգած Ու Սպաննած Է
Լիբանանեան

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Իսրայէլ Արատը Փնտռելու Ձախող Փորձի Մը Ընթացքին Իրանցի Երկու Զօրավարներ Առեւանգած Ու Սպաննած Է

November 17, 2026
Ֆայիատ. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը  Լիբանանեան Շահերը Կը Զգետնէ, Եւ Պէտք Է  Անկէ Դուրս Գալ Եւ Ոչ Թէ Զայն Փրկել»
Լիբանանեան

Ֆայիատ. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը Լիբանանեան Շահերը Կը Զգետնէ, Եւ Պէտք Է Անկէ Դուրս Գալ Եւ Ոչ Թէ Զայն Փրկել»

November 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.