Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտնեց, որ տնտեսական պատժամիջոցներ որդեգրած է Հըզպալլայի պատասխանատուներու եւ լիբանանցի գործարարներու դէմ, անոնց կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին նկատմամբ ցուցաբերուած զինուորական օժանդակութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունենալու պատճառով:
Ըստ նախարարութեան, Հըզպալլայի պատասխանատուներն են Մուսթաֆա Պատրէտտին, Իպրահիմ Աքիլ եւ Ֆուատ Շըքըր, ինչպէս նաեւ լիբանանցի գործարար Ապտել Նուր Շաալան: