
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց իր սերպ պաշտօնակիցը` Իվիցա Տաչիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ եւ Տաչիչ ստորագրեցին դիւանագիտական անցագիր կրողներուն պարագային այցեգիրի դրութիւնը ջնջելու համաձայնագիր մը:
Մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հիմնական հարցերը ահաբեկչութիւնն ու Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու հսկայ թիւն են, որոնք երկրին վտանգ կը սպառնան, յատկապէս ապահովական կայունութիւնը խախտելու իմաստով:
Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը մերժած է երկրին մէջ սուրիացի գաղթականներուն կեցութիւնը երկար տեւողութեան վրայ պահելու երաշխիքներ տալ եւ յարմարագոյն լուծումը կը տեսնէ անոնց Սուրիա վերադարձը:
Անդրադառնալով ահաբեկչութեան` Պասիլ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է արմատական լուծում մը գտնել անոր եւ չորցնել անոր մտաւոր ու նիւթական աղբիւրները: Ան զգուշացուց ահաբեկչութենէն, որուն վտանգները տարածուած են մինչեւ Եւրոպա եւ աշխարհի չորս ծագերը:
Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանան բազմազանութեան եւ ներումի օրինակելի երկիրն է` աւելցնելով, որ անիկա Սերպիոյ հետ ունի բազմաթիւ հասարակ յայտարարներ:
Իր կարգին, Տաչիչ նշեց, որ իրենք մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւին Լիբանանի մէջ գործուող ահաբեկչական գործողութիւններուն, որոնց պատճառով մեծ թիւով մարդկային եւ նիւթական վնասներ կ՛արձանագրուին: «Կտրականապէս կը մերժենք ահաբեկչութիւնը եւ անոր օգտագործումը իբրեւ միջոց` քաղաքական եւ ցեղային նպատակներ իրագործելու համար: Խստիւ կը դատապարտենք ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, որոնց կարգին Ժապհաթ Նուսրան եւ ՏԱՀԵՇ-ը եւ կը պայքարինք անոնց դէմ», ըսաւ Տաչիչ` շեշտելով, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանի հետ ստորագրել ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իմաստով միացեալ արձանագրութիւններ:
Տաչիչ հաստատեց, որ Սերպիա պիտի շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ` նշելով, որ Սերպիա իր կարգին կը դիմագրաւէ ահաբեկչութենէն ճողոպրած եւ դէպի Արեւմուտք ուղղուող գաղթականներուն հարցը: