Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Մաշնուքի Ֆրանսա Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

Յուլիս 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաշնուք եւ Քազանով
Մաշնուք եւ Քազանով

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Ֆրանսա, նախանցեալ օր Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Պեռնար Քազանովի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մաշնուքին ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման եւ Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Խուրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու Սուրիոյ զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը ընդգծեցին Սուրիոյ պատերազմին վերջ տալու կարեւորութիւնը` ընդգծելով սուրիացի ժողովուրդին կամքը եւ ձգտումները իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ներքին լիբանանեան առումով Մաշնուք յայտնեց, որ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը անկարելի է կանոնաւորել, առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան` ընդգծելով, որ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւն կատարելուն մէջ է:

Մաշնուք շեշտեց նաեւ, որ շրջանին մէջ տիրող ապահովական ապակայունութեան շրջագիծին մէջ լիբանանեան պետութիւնը հիմնական երեք առաջնահերթութիւններ ունի: Անոնք են. ա) իշխող կառավարութեան քաղաքական կայունութեան ապահովումը, բ) լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան պահպանումը, ինչպէս որ է պարագան Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան եւ գ) ահաբեկչական ու հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ պայքարը` զինուորապէս եւ չափաւորականութեամբ:

Հանդիպումին աւարտին ֆրանսական կողմը խոստացաւ Ընդհանուր ապահովութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն իմաստով թեքնիք օժանդակութիւններ տրամադրել:

Ֆապիւս եւ Մաշնուք
Ֆապիւս եւ Մաշնուք

Մաշնուք հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ: Քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը արաբական աշխարհի միակ քրիստոնեայ նախագահն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ սուրիական տագնապին ունեցած հետեւանքները:

Փարիզի մէջ լիբանանցի լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Մաշնուք յայտնեց, որ Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ Լիբանան դառնայ միջազգային օրակարգի վրայ քննարկուելիք առաջնահերթ կէտերէն մէկը` ընդունելով հանդերձ, որ անոր հերթը Եմէնէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն ետք է:

Մաշնուք յայտնեց, որ Ֆրանսա հետաքրքրուած է ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարին առումով Լիբանանի թեքնիք կարողութիւնները բարելաւելու հարցով:

Լիբանանեան-սուրիական սահմանային շրջաններուն մէջ տիրող կացութեան մասին խօսելով` Մաշնուք յայտնեց, որ կացութիւնը հակակշիռի տակ է եւ Լիբանանի ապահովական կառոյցը շրջանին մէջ միակն է, որ իր սահմանափակ կարողութիւններով հանդերձ կրցաւ դիմադրել ահաբեկչութեան: «Լիբանանի մէջ 99 առ հարիւրի համեմատութեամբ համախոհութիւն գոյացած է ծայրայեղական շարժումներուն ու հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ պայքարելու առումով, եւ այդ իմաստով լիբանանեան բանակը` զօր. Ժան Քահուաժիի հրամանատարութեամբ, հսկայ նուաճումներ արձանագրած է: Լիբանանեան բանակին օժանդակած է Բրիտանիան` յատկացնելով հսկողութեան աշտարակներ, որոնք մեծ նպաստ բերած են հակակշռելու սահմանային ապահովութիւնը», հաստատեց Մաշնուք:

Արսալի մէջ տիրող կացութեան մասին Մաշնուք ըսաւ, որ բանակը կը հսկէ Արսալի ապահովութեան, եւ լիբանանցիները ահաբեկիչներուն հետ չգործակցելու բաւարար գիտակցութիւնը ունին:

Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան մասին Մաշնուք յայտնեց, որ շնորհիւ այդ երկխօսութեան կարելի եղած է երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը նուազեցնել:

Ան նշեց նաեւ, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հրաժարելու կարգավիճակին մէջ չէ եւ ան պիտի ստանձնէ իրեն վստահուած պատասխանատուութիւնը:

Ակնարկելով չեխ քաղաքացիներու առեւանգումին` Մաշնուք ընդգծեց, որ իրենք հասած են որոշ տեղեկութիւններու, եւ հարցը ուղղակիօրէն կապուած է զէնքի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգներու ու մաֆիաներու:

 

Նախորդը

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Ահաբեկիչներուն Թիւը Երկու Երրորդով Նուազած Է

Յաջորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Ռիաշին

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?