Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Ահաբեկիչներուն Թիւը Երկու Երրորդով Նուազած Է

July 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-23-15_zabadani23

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալները փախուստ կու տան ծպտուելով եւ տիրանալով լիբանանեան թէ սուրիական կեղծ անձնաթուղթերու:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, ահաբեկիչները Արսալէն փախուստ կու տան հիմնական երկու ճամբաներով: Անոնցմէ առաջին ճամբան ունի հետեւեալ ուղղութիւնը` Ժուսիէ-Հըսիէ-Պատիաթ Շամ-Ռաքքա եւ ապա Թուրքիա կամ Իրաք տանող ճամբան: Իսկ երկրորդ ճամբուն պարագային, մեծաւ մասամբ կ՛առաջնորդուի դէպի լիբանանեան շրջաններ` դէպի հիւսիսային Լիբանանի գիւղաքաղաքներ եւ կամ արեւմտեան Պեքաայի շրջան:

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի, զինեալներուն դէմ պաշարման օղակը նեղցնելէ, զանոնք շրջափակելէ եւ օրական դրութեամբ անոնց շարժումները լիբանանեան բանակին կողմէ թիրախ դարձնելէ ու յատկապէս զանոնք բանակին կողմէ պատրաստուած ծուղակներուն մէջ ձգելէ ետք, ահաբեկիչները ակներեւ կերպով տկարացած են: Այդ բոլորին յաջորդած է Քալամունի ճակատամարտը, որ սանձազերծուած է Հըզպալլայի եւ սուրիական բանակին կողմէ:

Այդ ճակատամարտէն ետք Արսալի բարձունքներուն վրայ տիրող զինեալներուն շարժումները 40 առ հարիւրէն 10 առ հարիւրի նուազած են:

Իսկ ահաբեկիչներուն թիւը երկու երրորդով նուազած է, այսինքն` Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն թիւը հազիւ 700-ի կը հասնի:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, լիբանանեան բանակն ու Հըզպալլան ձերբակալած են ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավարներ, սակայն անոնք այդ մասին բացայայտ ոչինչ յայտարարած են` նկատի ունենալով, որ ձերբակալեալներուն հարցաքննութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է:

Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Զապատանի քաղաքը առաւելագոյնը երեք շաբթուան ընթացքին պիտի գտնուի Հըզպալլայի եւ սուրիական բանակին հակակշիռին տակ եւ այդպիսով ամբողջ շրջանը պիտի վայելէ սուրիական վարչակարգին եւ օրինական բանակին պարտադրած ապահովութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Ժահժահ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Ընտրելու Նախագահ Մը, Որ Պիտի Տկարացնէ Հըզպալլան»

Յաջորդը

Նախարար Մաշնուքի Ֆրանսա Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.