Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Ընտրելու Նախագահ Մը, Որ Պիտի Տկարացնէ Հըզպալլան»

July 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սամիր Ժահժահ
Սամիր Ժահժահ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա իր կատարած այցելութեան ընթացքին քննարկուած են արաբական երկիրները յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Սինայի, Եմէնի եւ Լիպիոյ վերաբերող:

Ան շեշտեց, որ իր կատարած այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ Սէուտական Արաբիոյ նոր ղեկավարութեան:

Ժահժահ հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ երբեք վտանգ չի սպառնար Լիբանանին, որովհետեւ ամբողջ Լիբանանը կը մերժէ այդ կազմակերպութիւնը: Ան կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ պիտի տկարացնէ Հըզպալլան:

Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը յապաղեցնելու պատասխանատուութիւնը Ժահժահ վերագրեց Իրանի` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան արգելակումը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ Իրանի հետեւորդները կ՛ընդառաջեն Թեհրանի կամքին:

Ժահժահ շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ վարչապետ Սալամի միջեւ մտերմիկ յարաբերութիւններ կան, հակառակ անոր որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ուղղակիօրէն չէ ներկայացուած անոր կառավարութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Ժահժահ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ծայրայեղութեան եւ Միջին Արեւելքի ապակայունութեան դէմ պայքար» խորագիրը կրող խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին ան յայտնեց, որ 20-րդ դարուն Եւրոպայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ներ յայտնուած են, «իսկ այսօրուան ՏԱՀԵՇ-ը նորութիւն է, որովհետեւ կան հանրապետութիւններ, որոնք ահաբեկչութիւն կը կատարեն: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ ՏԱՀԵՇ ուրախ եւ հպարտ է իր ահաբեկչութեամբ եւ բացայայտօրէն կը գործէ զայն, իսկ պետութիւնները այդ ահաբեկչութիւնը կը գործեն մետաքսեայ ձեռնոցներով», յայտնեց ան:

Ժահժահ ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ զինուորապէս պատերազմիլը անբաւարար է, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը կարելի է յաղթահարել չքացնելով անոր միջավայրը:

 

Նախորդը

Պասիլ Ընդունեց Իր Սերպ Պաշտօնակիցը

Յաջորդը

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Ահաբեկիչներուն Թիւը Երկու Երրորդով Նուազած Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.