Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աղբերու Կուտակման Տագնապը Ճնշում Բանեցնելու Խաղաքարտ Մըն Է, Որպէսզի Ընդունինք «Սուքլին»-ի Աշխատանքին Երկարաձգումը» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Յուլիս 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-22-15_sami_pc

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ աղբերու կուտակման հարցին:

Ժեմայէլ ըսաւ, որ աղբերու թղթածրարը շահաբեր թղթածրար մըն է` աւելցնելով, որ «Սուքլին» ընկերութիւնը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր միլիոնաւոր տոլարներու հասնող շահեր կ՛ապահովէ` լիբանանցիներուն եւ քաղաքապետարաններուն հաշուոյն:

Ժեմայէլ նշեց, որ իննսունական թուականներէն մինչեւ օրս «Սուքլին»-ի աշխատանքին երկարաձգումը կը նշանակէ, թէ 18 տարիէ ի վեր այս ընկերութիւնը նուազուրդի չէ ենթարկուած, «ինչ որ կը նշանակէ, թէ այդ թղթածրարէն շահեր ապահովող մաֆիա մը գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:

Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ «Սուքլին»-ի աշխատանքի պայմանագրութեան աւարտէն անմիջապէս ետք լիբանանցիները վկայեցին փողոցը կուտակուած իրենց աղբերը, որ ձեւով մը սպառնալիք է անոնց եւ ճնշում բանեցնելու խաղաքարտ մը` երկարաձգելու այդ ընկերութեան աշխատանքը:

Ան շեշտեց, որ «Սուքլին» ընկերութեան այլընտրանքը գտնելու եւ այլ ընկերութիւններու աշխատանքի առիթ տալու հոլովոյթը պէտք էր երկու տարի առաջ սկսած ըլլար, որպէսզի կարելի ըլլար աղբերու կուտակումի կանխարգիլումը:

Անդրադառնալով աղբանոցներուն` Ժեմայէլ հաստատեց, որ կարեւորագոյն բարեկարգումներէն մէկը կը նկատուի այն, որ պետութիւնը ճշդէ աղբանոցներուն վայրերը եւ առիթ չտայ այս կամ այն անձնական ընկերութեան` իր հայեցողութեամբ կատարելու այդ բոլորը: «Հետեւաբար լիբանանեան պետութիւնը ինք պէտք է լուծէ այս հարցը` նկատի ունենալով, որ բոլոր աղբանոցներն ու վերամշակման գործարանները պետութեան կը պատկանին եւ պետութիւնն է, որ անմիջական եւ ուղղակի լուծում պէտք է տրամադրէ այդ թղթածրարին:

 

 

Նախորդը

Զօր. Սլէյման Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Վարչապետին Հետ

Յաջորդը

Մուքպել Ընդունեց Ֆլեչըրը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?