Սուրիական բանակն ու Հըզպալլայի մարտիկները իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առին Զապատանիի հովիտը, որ 10 քառ. քմ տարածութիւն ունի:
Այդպիսով, անոնք կրցան զինեալներուն շարժումները սահմանափակել դէպի Պլուտան եւ Մատայա, շնորհիւ իրենց պարտադրած շրջափակումին:
Նշենք, որ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները իրենց հակակշիռը բանեցուցած են Քուսայրի զուգահեռ Նաայմաթի բարձունքներուն վրայ: