Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը անշեղ կը մնայ Լիբանանի միասնականութիւնը եւ լիբանանցիներուն համերաշխութիւնը պահպանելու իր ազգային դերակատարութենէն:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ աղբերուն թղթածրարին քննարկումը անյետաձգելի է եւ անյապաղ լուծման կը կարօտի:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ քաղաքապետ Պիլալ Համատ շեշտեց, որ նախքան ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակում կատարելը, կառավարութիւնը կոչուած է լուծելու աղբերուն տագնապը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, 98 օքթանը` 400 լ. ոսկիով, մազութը` 400 լ. ոսկիով, իսկ  պիւթակազին շիշը 200 լ. ոսկիով սղած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու` լուծելու համար Լիբանանի աղբերուն հարցը: Ան շեշտեց, որ աղբերը ահաւոր ապականում կը պատճառեն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն աղբիւրներէն, շեշտեց, որ կարելի չէ ենթադրել կամ իմանալ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան որդեգրելիք ապագայ քայլերուն մասին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, աղբերու տագնապին լուծման հիմնական միջոցը պիտի ըլլայ «Սուքլին» ընկերութեան համար աղբանոցներու ապահովումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ կենսոլորտի նախարարը ընդարձակ իրաւասութիւններ ստացած է կառավարութենէն, սակայն ան չէ կրցած լուծել աղբերու տագնապը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրին թռիչքներ գործեց Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Թըպնինի, Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ, իսկ իսրայէլեան ուժերու շրջուն ջոկատներ խիստ հսկողութիւն կատարեցին Մթըլլէի եւ Ատայսէի բարձունքներուն միջեւ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութեան տագնապին լուծման առումով քաղաքական նոր կեցուածքներ չկան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ ոմանք կը փորձեն աղբերու տագնապին պատասխանատուութիւնը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վերագրել, «սակայն անհրաժեշտ է շեշտել, որ այս իմաստով մենք զոհերն ենք», ըսաւ Լայեուն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ Նաամէի աղբանոցին փակման որոշումը անկարելի է փոփոխութեան ենթարկել:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պէտք է որոշէ, թէ կառավարութեան նիստին ընթացքին օրակարգէ դուրս ի՛նչ հարց պիտի քննարկուի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք միակ հիմնական թղթածրարը կառավարութեան գործելաոճն է:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները այսօրուան կառավարութեան նիստին պիտի մասնակցին` քննարկելու համար կառավարութեան գործելաոճը: Ապու Սաապ յայտնեց, որ օրակարգի փոփոխութեան պարագային իրենք արծարծուելիք հարցին կարեւորութեան հետ ըստ այնմ պիտի վարուին:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ իրենք պէտք է ժողովրդավարական միջոցներով դիմադրեն նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտող կողմերուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դէմ պաշտօնական բողոք ներկայացնելու միջազգային հաստատութիւններուն մօտ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ահաբեկիչի դէմ մղուելիք կռիւ կ՛առաջնորդէ դէպի Երուսաղէմ:

 

 

Նախորդը

Տիգրանակերտի Մէջ Բախումներ` Քաղաքացիներուն Եւ Ոստիկաններուն Միջեւ

Յաջորդը

Ուահապ. «Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերը Նախագահական Ընտրութեան Երեք Թեկնածու Ունին»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.