Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութիւններուն համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը իր համակիրներուն կոչ ուղղած է մասնակցելու շաբաթ օրուան ցոյցին եւ նախապատրաստուելու յառաջիկայ շաբթուան ցոյցերուն: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Արքան Այատընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ թրքական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ...


















