Այն Հելուէ Գաղթակայանին Ապահովական Կայունութիւնը Խախտումներու Կ՛ենթարկուի
Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան լսուեցան պայթումներ, որոնց պատճառը երկու ձեռնառումբեր էին, որոնք պատճառեցին նիւթական աննշան վնասներ: Ֆաթհ շարժումի զինեալներուն եւ ծայրայեղ իսլամականներուն միջեւ ուղղակի բախումներ չարձանագրուեցան: Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին գաղթակայանին մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն: Լիբանանի մէջ պաղեստինեան ապահովութեան պատասխանատու Սուպհի Ապու Արապ յայտնեց, որ Այն Հելուէի մէջ կը գտնուին ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք կ՛ուզեն գաղթակայանին ճակատագիրը պաղեստինեան...















