Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Իպրահիմի Հետ  Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրավիճակը

Վարչապետ Սալամ Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրավիճակը

Իպրահիմ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ:

Ժոմպլաթ Օրինական Կը Նկատէ Կեդրոնական  Պէյրութի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Կազմակերպող  Երիտասարդներուն Շարժումը

Ժոմպլաթ Օրինական Կը Նկատէ Կեդրոնական Պէյրութի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Կազմակերպող Երիտասարդներուն Շարժումը

Ուալիտ Ժոմպլաթ «Նկատի ունենալով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը եւ անոնց ղեկավարութիւնները սնանկացած են, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ լիբանանցի երիտասարդներուն կատարած բողոքի ցոյցերը կը նկատուին օրինական եւ արդար», ըսաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ: Ան խստիւ դատապարտեց այդ երիտասարդներուն խոշտանգումը ապահովութեան ուժերուն կողմէ` շեշտելով, որ անոնք ազատ են իրենց կեցուածքները արտայայտելու երկրին եւ անոր քաղաքական աղբերուն, ինչպէս` կուսակցութիւններուն եւ այսպէս...

Ասիր Կը Հաստատէ Սիւննի Համայնքը  Պաշտպանելու Իր Պատրաստակամութիւնը

Ասիր Կը Հաստատէ Սիւննի Համայնքը Պաշտպանելու Իր Պատրաստակամութիւնը

Ահմետ Ասիր Ձերբակալուած ահաբեկիչ Ահմետ Ասիր հարցաքննութիւններուն ընթացքին հաստատեց, որ ինք պատրաստ է պաշտպանելու սիւննի համայնքը` շեշտելով, որ ինք կ՛ուզէ Հըզպալլայի դէմ պատերազմիլ: Հետաքննութեան մանրամասնութիւններուն շրջագիծին մէջ սպրդած այս տեղեկութիւններուն շարքին էին նաեւ Ասիրի կողմէ Հարիրի ընտանիքին դէմ հնչած վարկաբեկիչ յայտարարութիւնները: Բանակին դէմ կռուելու առումով Ասիր հերքեց, թէ ինք լիբանանեան բանակին դէմ զինեալ բախումներուն մեղսակցած է` նշելով, որ այդ մէկը...

Զաայթեր. «Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը  Բարեկարգելու Աշխատանքները  Պիտի Սկսին Յաջորդ Շաբթուան Ընթացքին»

Զաայթեր. «Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Բարեկարգելու Աշխատանքները Պիտի Սկսին Յաջորդ Շաբթուան Ընթացքին»

Ղազի Զաայթեր Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց քաղաքացիական օդանաւորդութեան անվտանգութեան կարեւորութիւնը: Ան անդրադարձաւ այդ իմաստով Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ արձանագրուող որոշ բացթողումներուն եւ օդակայանին անձնակազմին պարագային գոյութիւն ունեցող թափուր պաշտօններուն` հաստատելով, որ այդ իմաստով քայլերու պիտի դիմուի` երաշխաւորելու համար այդ աշխատանքին հեզասահ ընթացքը: Զաայթեր նկատել տուաւ նաեւ, որ այն ընկերութիւնները, որոնց...

Արթիւր Նազարեան Կը Հովանաւորէ Ուժանիւթի  Նախարարութեան Եւ Իրաւաբաններու  Սենտիքային Միջեւ Փոխըմբռնումի  Համաձայնագիրի Մը Ստորագրութիւնը

Արթիւր Նազարեան Կը Հովանաւորէ Ուժանիւթի Նախարարութեան Եւ Իրաւաբաններու Սենտիքային Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրի Մը Ստորագրութիւնը

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հովանաւորեց Իրաւաբաններու սենտիքային եւ Ուժանիւթի պահեստի լիբանանեան կեդրոնին միջեւ համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան արժանի է դրական նախաձեռնութիւններու, որոնք կ՛աշխուժացնեն քաղաքացիին առօրեան, հակառակ անոր դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն: Նազարեան յայտնեց, որ նախարարութիւնը կ՛ուղղուի լիբանանեան ազատ արհեստի բոլոր սենտիքաներուն եւ լրատուամիջոցներուն հետ գործակցութեան կամուրջներ հաստատելու` տարածելու համար երկրին ունեցած սահմանափակ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ներխուժած է Քուսէյր սահմանամերձ գիւղաքաղաք, ուրկէ գրաւած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք, ինչպէս նաեւ ձերբակալած պահանջուած մեծ թիւով յանցագործներ: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը ազգային կարիք է, որուն շուրջ քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է համախոհութիւն գոյացնեն: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ քաղաքական իշխանութեան մաս կազմող ոչ մէկ անձնաւորութիւն հետաքրքրուած...

Տագնապներու Լուծման Առաջադրանքներու  Հասունացման Սպասումով.  Հրատապ Հարցերը Կը Դառնան Համատարած,  Մինչ  Փրկարար Քուլիսային Խորհրդակցութիւնները  Կը Շարունակուին Զուգահեռաբար

Տագնապներու Լուծման Առաջադրանքներու Հասունացման Սպասումով. Հրատապ Հարցերը Կը Դառնան Համատարած, Մինչ Փրկարար Քուլիսային Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին Զուգահեռաբար

Այն միջոցին, երբ շրջանի տագնապներուն գծով լուծման զանազան առաջադրանքներ կ՛արծարծուին եւ այդ ծիրին մէջ արձանագրուող յատկապէս քաղաքական ու դիւանագիտական իւրաքանչիւր քայլ յոյսի նոր նշոյլ կ՛աւետէ, լիբանանցիք իրենց կարգին կը սպասեն արմատական լուծման նախաձեռնող շինիչ քայլերու: Փաստօրէն, սակայն, հաստատ իրողութիւն է, որ երկրին հրատապ հարցերը օրըստօրէ, եթէ ոչ ժամ առ ժամ, ձիւնագնդակի նման կը ծաւալին ու հետզհետէ կը ստանան համալիբանանեան, համատարած...

Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննելով Այժմու Իրավիճակը`  Ֆայսալ Քարամէ Այսօր Պիտի Յայտարարէ Իր Կեցուածքը Թրիփոլիի  Աղբակոյտերուն Եւ Ելեկտրականութեան  Ընդհատման Գծով

Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննելով Այժմու Իրավիճակը` Ֆայսալ Քարամէ Այսօր Պիտի Յայտարարէ Իր Կեցուածքը Թրիփոլիի Աղբակոյտերուն Եւ Ելեկտրականութեան Ընդհատման Գծով

«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումը, ըստ սովորականին, կ՛ոգեւորէ մեզ ազգային մակարդակի վրայ, յատկապէս ներկայ «տաք» մթնոլորտին մէջ», յայտնեց նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ` երէկ Այն Թինէ կատարած իր այցելութեան առիթով: Քարամէ կոչ ուղղեց երկրին ազգային եւ քաղաքական, յատկապէս` խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ ներկայացուած ուժերուն` անսալու Պըրրիի խրատներուն եւ առաջադրանքներուն, եւ այս` վերակենդանացնելու կառավարութեան գործունէութիւնը եւ խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջան սկսելու համար:...

Ժպրան Պասիլ` Ազգային Ազատ Հոսանք  Կուսակցութեան Նախագահի Գլխաւոր Թեկնածու

Ժպրան Պասիլ` Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Նախագահի Գլխաւոր Թեկնածու

Ալեն Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում խորհրդարանական համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահեց  Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան զանազան միաւորներու պատասխանատուներու միացեալ ժողովին, ուր յետ կարծիքներու փոխանակման, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ համախոհութեամբ որոշուեցաւ իբրեւ կուսակցութեան յառաջիկայ նախագահի գլխաւոր թեկնածու: Նախապէս այս գծով տիրող տպաւորութիւնը այն էր, թէ Պասիլի կողքին գլխաւոր մրցակից-թեկնածու էր երեսփոխան Ալեն Աուն, սակայն երէկուան խորհրդակցութեանց եւ...

Արտաքին Գործոց Նախարար Ժպրան Պասիլ  Իր  Այցելուներուն Հետ  Քննեց Ընդհանուր Իրավիճակը

Արտաքին Գործոց Նախարար Ժպրան Պասիլ Իր Այցելուներուն Հետ Քննեց Ընդհանուր Իրավիճակը

Արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ երէկ անջատաբար ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որ եկած էր զինք հրաւիրելու 2 սեպտեմբերին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին նուիրուած խորհրդաժողովի մը մասնակցութեան: Պասիլ նաեւ ընդունեց  Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նոր դեսպան Էմմանուէլ Պոնը, որ այս առիթով վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ու կայունութեան պահպանման: Պոն աւելցուց նաեւ, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը լիբանանեան բանակին`...

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան  Նախագահ Սամի Ժեմայէլ Ահազանգ Կը Հնչեցնէ

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախագահ Սամի Ժեմայէլ Ահազանգ Կը Հնչեցնէ

  Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Սելիմ Սայէղի: Այս առիթով Ժեմայէլ պահանջեց արտակարգ դրութիւն յայտարարել երկրին մէջ եւ փութալ անմիջական լուծումներու: «Այս վերջին առիթն է, նախքան որ լիբանանեան հանրապետութեան շէնքը փլուզուի բոլորին գլխուն վրայ», յայտարարեց Ժեմայէլ` նշելով, որ կացութիւնը անհանդուրժելի դարձած է եւ անհրաժեշտ է անմիջական քայլերու...

Աղբակոյտերու Տագնապը  Աւելի Կը Սաստկանայ

Աղբակոյտերու Տագնապը Աւելի Կը Սաստկանայ

Աղբակոյտերու ճակատագիրը վճռելու կոչուած նուազուրդի արդիւնքներու յայտարարման մէկ շաբաթով  յետաձգման վաղորդայնին, ժողովրդային բողոքի ելոյթները շարունակուեցան լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ: Արդարեւ, նախանցեալ օր` չորեքշաբթի երեկոյեան Պէյրութի  Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ, վարչապետարանին կից, ապահովական ուժերուն եւ «Հոտերնիդ ելաւ» շարժումի անդամներուն միջեւ «բռնկած» միջադէպէն ետք աղբակոյտերու երեւոյթը դարձեալ հրատապ հարցերու առաջնակարգ դիրքը գրաւեց: Տնտեսութեան Նախարարը Ահազանգ Կը Հնչեցնէ   Տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ ահազանգ...

Ռիատ Սոլհ Հրապարակը Ականատես Եղաւ Աղբերու Հարցին Լուծումը Պահանջող «Հոտերնիդ Ելաւ»  Շարժումի Անդամներուն Եւ Ապահովութեան  Ուժերուն Միջեւ Բախումներու

Ռիատ Սոլհ Հրապարակը Ականատես Եղաւ Աղբերու Հարցին Լուծումը Պահանջող «Հոտերնիդ Ելաւ» Շարժումի Անդամներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Բախումներու

Երէկ երեկոյեան «Հոտերնիդ ելաւ» շարժումի անդամներ ուղղուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր անոնք բողոքի ցոյց մը կատարեցին` պահանջելով լուծում մը գտնել երկիրը ողողած աղբերու հարցին: Ցուցարարները, որոնք հաւկիթներ նետեցին վարչապետարանին ուղղութեամբ, փորձեցին նաեւ փշաթելերը խախտել եւ ուղղուիլ դէպի վարչապետարան, ինչ որ ընդվզեցուց ապահովութեան ուժերը եւ զանոնք մղեց պաշտպանելու վարչապետարանը: Այս պատճառով ցուցարարներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնց իբրեւ...

Պըրրի. «Կառավարութեան Աշխատանքը  Խոչընդոտող Արգելքները Չէզոքացնելու Առումով  Ոչ Մէկ Զարգացում Արձանագրուած Է»

Պըրրի. «Կառավարութեան Աշխատանքը Խոչընդոտող Արգելքները Չէզոքացնելու Առումով Ոչ Մէկ Զարգացում Արձանագրուած Է»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն գաւաթին լեցուն բաժինը տեսնելու` ընդգծելով, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին եւ պետական հաստատութիւններուն մէջ տիրող սառած իրավիճակին, Լիբանան կը մնայ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւն վայելող միակ երկիրը: Ան հարց տուաւ, որ եթէ լիբանանցիները ապահովական առումով յաջողած...

Սայտայի Մէջ Ձերբակալութիւնները  Կը Շարունակուին

Սայտայի Մէջ Ձերբակալութիւնները Կը Շարունակուին

Ձերբակալուած ահաբեկիչ Ահմետ Ասիրի հետ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կատարուած հարցաքննութիւններուն ընթացքին ան խոստովանեցաւ, թէ հիւսիսային Լիբանան փոխադրած է մեծ քանակով զէնք եւ զինամթերք, իսկ Սայտա` ականներ եւ ականուած գօտիներ, զանոնք սպանութիւններու ընթացքին օգտագործելու նպատակով: Ապահովական նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Ասիր կը ծրագրէր Սայտայի հեղինակութիւններ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ թիրախ դարձնել: Այդ հեղինակութիւններուն անունները Ասիրի կողմէ բացայայտուած էին եւ այժմ կը...

«Մեր Կեցուածքներէն Անշեղ Կը Մնանք,  Իսկ Զօր. Աուն Տակաւին Կը Մնայ Նախագահական  Ընտրութեան Զօրաւոր Թեկնածու»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Մեր Կեցուածքներէն Անշեղ Կը Մնանք, Իսկ Զօր. Աուն Տակաւին Կը Մնայ Նախագահական Ընտրութեան Զօրաւոր Թեկնածու» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Հասան Նասրալլա Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «Մաարեֆ» համալսարանի աշխատանքներուն պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ իրենք իրենց կեցուածքներէն անշեղ կը մնան` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն տակաւին կը մնայ նախագահական ընտրութեան զօրաւոր թեկնածու: Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ նախապէս իր կատարած յայտարարութիւնը, թէ զօր. Աուն նախագահական ընտրութեան պարտադիր անցք է, չի...

Զօր. Սլէյման. «Լիբանանեան Բանակին Դէմ  Ձեռք Բարձրացնողը Պիտի Ստանայ Իր Պատիժը»

Զօր. Սլէյման. «Լիբանանեան Բանակին Դէմ Ձեռք Բարձրացնողը Պիտի Ստանայ Իր Պատիժը»

Զօր. Սլէյման եւ Քաակ Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի մէջ նախագահեց նախարարական իր պլոքին նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ կառավարութիւնը պէտք է օժանդակէ քաղաքացիներուն հարցերուն լուծման եւ կարիքներուն գոհացումին: Զօր. Սլէյման շեշտեց նաեւ նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը` բարձր գնահատելով Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ահաբեկիչ Ահմետ Ասիրի ձերբակալութիւնը: «Ատիկա ապահովական նուաճում մըն է, որուն պատգամը այն է, թէ լիբանանեան...

Մաշնուք. «Պըրրի Ազգային Միակ Հեղինակութիւնն Է,  Որ Կրնայ Երկրին Տագնապին Իմաստուն Լուծում Գտնել»

Մաշնուք Անհրաժեշտ Նկատեց Նախաձեռնութիւններ Որդեգրել` Լիբանանի Դիմագրաւած Վտանգները Լուծելու Նպատակով

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի դիմագրաւած վտանգները լուծելու նպատակով նախաձեռնութիւններ որդեգրել: Մաշնուք, որ Լիբանանի մէջ տիրող վտանգաւոր կացութեան փողը հնչեցուց, կոչ ուղղեց կառավարութիւնը բաղկացնող քաղաքական բոլոր ուժերուն երկխօսութիւն կատարելու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Ան կոչ ուղղեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` հովանաւորելու այս երկխօսութիւնը, նկատի ունենալով, որ ան...

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Ժահժահը, Հարիրին,  Քատիրին Եւ Եգիպտոսի Դեսպանը

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Ժահժահը, Հարիրին, Քատիրին Եւ Եգիպտոսի Դեսպանը

Զօր. Քահուաժի եւ երեսփոխան Ժահժահ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Սթրիտա Ժահժահը եւ Զիատ Քատիրին, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ հաղորդագրութեան մը մէջ շեշտեց, որ ինք շնորհաւորած է զօր. Քահուաժին` լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով` աւելցնելով, որ իրեն համար կարեւոր է ընդգծել լիբանանեան...

Page 912 of 985 1 … 911 912 913 … 985

Արխիւներ