Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Ջնջեց Աղբերու Հարցին Լուծման Կապուած Նուազուրդը

August 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

mc_8-25-15

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ռեմոն Արայժի եւ Միշել Ֆարաոն:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ ներկայացուց կառավարութեան նիստին օրակարգը, որուն ընդդիմացան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի, այլ խօսքով` ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի նախարարները, որոնք լքեցին ժողովը:

Մարատա հոսանքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ եթէ Մարատայի նախարար Ռեմոն Արայժի նիստին ներկայ գտնուէր, ան եւս պիտի լքէր նիստը` իր դաշնակիցներուն կեցուածքին յանձնառու մնալով:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ յայտնած է, թէ նիստը յատկացուած է աղբերու տագնապին եւ անոր լուծման առումով կատարուած ընկերութիւններու նուազուրդին արդիւնքներուն ներկայացումին:

Ան նշեց, որ վարչապետը շեշտած է երկրին աղբերուն հարցին անմիջական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը:

«Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Սալամ առաջարկած է Աքքարի մէջ աղբանոց մը բանալ եւ այդ շրջանին տրամադրել 100 միլիոն տոլար, որոնք երեք յաջորդական տարիներու ընթացքին պիտի վճարուին` Աքքարի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ մշակելու նպատակով: Այս առումով, վարչապետ Սալամ յոյս յայտնեց, որ այդ որոշումը կը նպաստէ աղբերուն հարցին անմիջական լուծումի մը ապահովումին», ըսաւ Ժրէյժ:

Ան աւելցուց, որ վարչապետին խօսքէն ետք նախարարները հակիրճ կերպով արտայայտուած են աղբերու թղթածրարին, կառավարութեան աշխատանքային համակարգին եւ կառավարութեան կողմէ որոշումներ տալու, ինչպէս նաեւ այդ որոշումները ստորագրելու օրինական քայլերուն մասին:

Ապա կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք ներկայացուց աղբերը ստանձնելու առումով տարբեր ընկերութիւններուն կատարած նուազուրդին արդիւնքները` նշելով, որ արձանագրուած են բարձր սակեր, որոնց պէտք չէ համաձայն գտնուիլ:

Քննարկումներէ ետք, կառավարութիւնը ջնջեց աղբերու հարցին լուծման կապուած նուազուրդը եւ այդ հարցով կազմուած նախարարական յանձնախումբին յանձնեց լուծման այլընտրանք մը գտնելու պարտականութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ Ապտէի մէջ երէկ երեկոյեան Աքքարի բնակիչները կատարեցին նստացոյց մը` մերժելով կառավարութեան կողմէ Աքքարի մէջ աղբանոց բանալու միտումը:յդ հարցը լուծելու բաւարար պատասխանատուութիւն գոյութիւն չունի:

 

Նախորդը

Ռիատ Սոլհի Նստացոյցն Ու Խուլիկանութիւնները Շարունակուեցան

Յաջորդը

Հակառակ Պաշտօնական Ստեփանակերտի` Սարսանգի Ջրամբարէն Միասնաբար Օգտուելու Կոչերուն. Մամետեարովը Կը Բողոքէ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»

February 14, 2026
Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»

February 14, 2026
Հաժժար. «Շնորհակալութիւն Բոլորին,  Որոնք Նպաստեցին Ընտրական  Հոլովոյթի Յաջողութեան»
Լիբանանեան

Հաժժար. «Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Իրենց Ժամկէտին` Անոնց Շուրջ Բարձրացող Աղմուկէն Անկախ»

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.