Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, թէ Պըրրիի կարծիքով` երկրին մէջ ապրող լիբանանցիներն են, որոնք բոլորէն աւելի վնաս կը հասցնեն Լիբանանին:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Պըրրի նման արտայայտութիւն մը ունեցած է արտերկրի լիբանանցիներու պատուիրակութիւն մը ընդունելու ընթացքին` աւելցնելով, որ Պըրրի անոնց ներկայութեան հաստատած է, որ արտերկրի լիբանանցիներն են, որոնք կապուած են Լիբանանին եւ յանձնառու են անոր, որովհետեւ իրենց երկիրը իրենց համար կրօն է եւ հեղինակութիւն: