Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 25, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի ջոկատ մը ներխուժած է Ժապալ Մըհսեն, ուր կատարած է ձերբակալումներ եւ գրաւած նռնականետեր, հրթիռներ եւ զինուորական տարազներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի ընդգծեց, որ երկիրը անդամահատելու քայլերը ոճրային մտքի գոյութեան ցուցանիշ են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապը կարելի չէ լուծել առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, երեսփոխանական ընտրութիւններուն շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու եւ նոր կառավարութիւն կազմելու:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ կառավարութեան հրաժարականը պահանջող իւրաքանչիւր անհատ կը փափաքի Լիբանանը առաջնորդել դէպի անորոշութիւն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ քաղաքական իրենց կեանքին մէջ հասած են հանգրուանի մը, որուն ընթացքին խելքն ու կարելիութիւնը շրջանցուած են:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ կառավարութիւնը հրաժարած կարելի է նկատել, սակայն հրաժարականի յայտարարութիւնը արկածախնդրութիւն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ զինուորական լուծումները առանց հորիզոնի են, իսկ քաղաքական լուծումները կ՛օժանդակեն վերջ տալու տիրող քաոսին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ Լիբանանի հետ իր հիւսիսային սահմաններուն վրայ զետեղած է հետախուզական համակարգեր` դէպքերը հսկելու նպատակով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան-իրանեան հաղորդակցութիւններ արձանագրուած են` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ իրեն համար խիստ մերժելի է եւ ամօթալի երեւոյթ խոշտանգել իր արդար իրաւունքները պահանջող ժողովուրդը եւ կոչ ուղղեց պատասխանատուութեան կանչելու այդ իմաստով բոլոր յանցագործները: Ան վերահաստատեց խորհրդարանական իր աշխատանքը պոյքոթի ենթարկելու որոշումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր ընդգծեց, որ իրենք կարիքը ունին վերադառնալու սահմանադրական աշխատանքին եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն վերաշխուժացման:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց քաղաքացիական ընկերութեան շտկելու իր շարժումին ընթացքը` աւելցնելով, որ երկրին մէջ տիրող տագնապին լուծումը կը սկսի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ քուէյթեան դեսպանատունը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն մեկնելու Լիբանանէն, ինչպէս նաեւ Լիբանան այցելութեան մասին չմտածելու` նկատի ունենալով արձանագրուող ապահովական իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի անդամները հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած են երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն հետ եւ զանոնք հրաւիրած խորհրդարանին մէջ կատարուելիք նստացոյցի մը` մինչեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի յայտնեց, որ նոր իշխանութիւն մը կազմելու պարտադիր անցքը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է:

 

 

Նախորդը

Օճալան. «Էրտողան Կրնայ Արժանանալ Քազզաֆիի Ճակատագիրին»

Յաջորդը

Պասիլ. «Մենք Այս Երկիրը Բաղկացնող Գլխաւոր Տարրերէն Ենք»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.