Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութիւններուն համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը իր համակիրներուն կոչ ուղղած է մասնակցելու շաբաթ օրուան ցոյցին եւ նախապատրաստուելու յառաջիկայ շաբթուան ցոյցերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Արքան Այատընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ թրքական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ կառավարութեան հրաժարականը քաղաքական ոչ մէկ ուժի համար շահաւէտ կը նկատուի:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալած են երեք անհատներ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն համար ահաբեկիչներ կը զինուորագրէին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային համակարգի խախտումը սահմանադրութեան եւ իշխանութեան գծով համագործակցութեան սկզբունքի խախտում է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին որոշումները առանց ստորագրելու նիստը լքած նախարարները պիտի ստանան այդ որոշումները, որպէսզի սերտեն զանոնք եւ վաւերացնեն այն ինչ որ անմիջական է եւ կարեւոր:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 600 լ. ոսկիով, կարմիր մազութին թիթեղը 300 լ. ոսկիով, իսկ կանաչ մազութինը` 400 լ. ոսկիով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Այն Թինէի եւ Ռապիէի միջեւ յարաբերութիւնը բաւական լարուած է, հակառակ այն իրողութեան, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի միջեւ ամէնօրեայ դրութեամբ խորհրդակցութիւններ կ՛արձանագրուին:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը մեղմացնող քաղաքական նախաձեռնութիւն մը պիտի առաջադրէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, շեշտեց, որ քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու սահմանին պաշտպանութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի վտանգուին:

ԵՐԷԿ առաւօտեան Սուր-Նաքուրա մայրուղին որոշ ժամանակի համար հրկիզուած անիւներով փակուեցաւ շրջանին բնակիչներուն կողմէ` բողոքելու համար շրջանին մէջ աղբանոցի մը գոյութեան դէմ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ մարոնի պատրիարքութիւնը նախապատրաստական աշխատանք կը տանի իր շուրջ համախմբելու չորս մարոնի ղեկավարները եւ համաձայնութիւն մը գոյացնելու հանրապետութեան նախագահի թղթածրարին շուրջ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ պատահածը շատ վտանգաւոր է եւ անոր հետեւանքները ամբողջ Լիբանանին համար ծանր պիտի ըլլան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան կողքին կառավարութեան հրաժարականը երկիրը կրնայ ենթարկել քաղաքական եւ սահմանադրական քաոսի:

 

 

Նախորդը

«Ընտրութիւնները Կայունութեան Եւ Քաոսի Միջեւ Ընտրութիւն Մը Պիտի Ըլլան» Կ’ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Բանակին Եւ Յանցագործի Մը Միջեւ Փոխադարձ Հրացանաձգութիւնը Կը Պատճառեն Վերջինին Սպանութիւնը

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?