Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբերու Հարցը Յորդեցուց Լիբանանեան Քաղաքացիական Ընկերութեան Համբերութեան Բաժակը. Ապահովութեան Ուժերը Բիրտ Ուժ Կիրարկեցին Հազարաւոր Ցուցարարներուն Դէմ

Օգոստոս 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

dt1_8-23-15

Քաղաքացին համբերեց, եւ այդ համբերութիւնը բաւական երկար տեւեց, սակայն այդ համբերութեան չարաչար օգտագործումը զայն մղեց ուղղուելու փողոց եւ հոնկէ բարձրացնելու իր իրաւունքներն ու պահանջները:

Պետութեան կողմէ քաղաքացիին համար երկրին մէջ ամէն տեսակի ծառայութիւն կասեցնելու, սղաճին դիմաց աշխատավարձի յաւելումներ չտրամադրելու եւ քաղաքացին յաւելեալ տուրքերու ենթարկելու արարքները շուրջ մէկուկէս ամիս առաջ հասան իրենց գագաթնակէտին, երբ կառավարութիւնը անլոյծ ձգեց երկրին աղբերը հաւաքելու եւ մաքրելու աշխատանքը եւ իբրեւ հետեւանք երկիրը վերածուեցաւ մեծ աղբանոցի:

Քաղաքացիական ընկերութեան շրջանակին պատկանող «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին անդամները շաբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ սկսան բողոքի ցոյցի մը` պահանջելով լուծել աղբերուն հարցը:

Անոնք կը կրէին աղբի տոպրակներ եւ քաղաքացիներուն դէմ լիբանանեան պետութեան անիրաւութիւնը ներկայացնող պաստառներ:

Շաբաթ երեկոյեան շուրջ 10 հազար քաղաքացիներ ողողած էին Ռիատ Սոլհի հրապարակը, Դրամատուներու փողոցը, հասնելով մինչեւ Մոհամետ Ամին մզկիթ:

Անոնք կը պատրաստուէին Ռիատ Սոլհէն քայլարշաւ մը կատարելու դէպի Նըժմէ հրապարակ, երբ վարչապետարանն ու խորհրդարանը պաշտպանող ապահովութեան ուժերը բիրտ ուժ բանեցնելով ցուցարարներուն վրայ արգիլեցին այդ քայլը:

Իբրեւ հետեւանք ծայր առին բախումներ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ:

Ապահովութեան ուժերը օգտագործեցին ջրցան մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազեր`  ցրուելու համար ցուցարարները, որոնք սակայն մնացին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ եւ ընդվզումի իբրեւ արդիւնք իրենց պահանջները փոփոխութեան ենթարկելով սկսան պահանջել կառավարութեան եւ խորհրդարանին հրաժարականը:

Անոնք պահանջեցին նաեւ իշխող վարչակազմին փոփոխութիւնը:

Երբ ցուցարարները որոշեցին վրաններ լարել Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ եւ հոն մնալ մինչեւ իրենց պահանջներուն իրականացումը, անոնց եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումները սրեցան այն աստիճան, որ անոնք վերածուեցան խոշտանգումի արարքներու: Իրենց բիրերով քաղաքացիները խոշտանգած ապահովութեան ուժերը չվարանեցան նաեւ օդին մէջ կրակել` ցրուելու համար ցուցարարները, որոնք հասան մինչեւ Նահատակաց հրապարակ եւ Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջակայքը:

dt2_8-23-15

Բախումներուն ընթացքին ցուցարարները եւ ներքին ապահովութեան ուժերը նաեւ քարկոծեցին զիրար` պատճառելով շուրջ 50 վիրաւոր, որոնք ստացած էին ձգախէժէ կապարներ, բիրերու հարուածներ, իսկ ոմանք իրենց ուշքը կորսնցուցած էին արցունքաբեր կազերուն արձակած տհաճ եւ թունաւոր հոտերէն:

Լիբանանեան կարմիր խաչը բոլոր վիրաւորները փոխադրեց մօտակայ հիւանդանոցները` «Էյ. Եու. Էյչ», «Ժեհթաուի», «Օթել Տիէօ», «Սեն Ժորժ», «Ռըզք» եւ «Ուարտիէ», ուր անոնք բժշկական խնամք ստացան:

Խոշտանգումէն անմասն չմնացին նաեւ մեծ թիւով լրագրողներ, որոնք գետնի վրայ իրենց հաղորդումները կը կատարէին, ինչպէս նաեւ քամերամեններ, որոնք վիրաւորուեցան` իրենց պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին:

Ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին նաեւ չորս ցուցարարներ, որոնք ուշ գիշերին ազատ արձակուեցան:

Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ գտնուող քաղաքացիներուն զօրակցութեան նպատակով շաբաթ գիշեր ժամը 11:00-ին Թրիփոլիի Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, իսկ Ժիէի ճամբան որոշ ժամանակի համար փակուեցաւ:

Շաբաթ երեկոյեան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք կարգ մը լսատեսողական լրատուամիջոցներուն հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք երկրէն դուրս կը գտնուի եւ կատարուած իրադարձութիւններէն տեղեակ չէ: Ան պահանջեց կասեցնել ապահովութեան ուժերուն կողմէ կրակոցը, հեռանալ Կեդրոնական Պէյրութի փողոցներէն եւ ազատ արձակել ձերբակալուածները:

Մաշնուք առկախեց իր արձակուրդը եւ կիրակի առաւօտեան վերադարձաւ Պէյրութ: Ան ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր հսկիչ գնդապետ-զօրավար Ժոզեֆ Քալլասին յանձնեց շաբաթ երեկոյեան արձանագրուած դէպքերուն վերաբերեալ ընդարձակ հետաքննութիւն բանալու եւ 42 ժամուան ընթացքին հետաքննութեան արդիւնքները ներկայացնելու պարտականութիւնը:

Կիրակի Օր

Կիրակի առաւօտեան «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին ցոյցը շարունակուեցաւ:

Արշաւը պահանջեց ցուցարարները խոշտանգող կողմերը պատժել, ինչպէս նաեւ` վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը:

Վարչապետ Սալամի կողմէ գործուղուած Արտակարգ վիճակներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր երէկ կէսօրին այցելեց ցոյցը կազմակերպող արշաւի պատասխանատուներուն` բանակցելու նպատակով, սակայն այդ փորձը ձախող աւարտ ունեցաւ, երբ բանակցութիւնները մերժուեցան` հաստատելով, որ պահանջուածը վարչապետին հրաժարականն է:

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն երեկոյեան ժամը 6:00-ին մասնակցելու իրենց կատարելիք խաղաղ ցոյցին:

Ընդառաջելով արշաւին կոչին` Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ գիշերած երիտասարդներուն միացան մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնք եկած էին լիբանանեան զանազան շրջաններէն` իրենց բողոքը արտայայտելու երկրին իշխանութիւններուն եւ երկրին մէջ տիրող փտածութեան դէմ:

Անոնք պահանջեցին յեղափոխութիւն կատարել եւ տապալել լիբանանեան վարչակարգը:

Քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող բազմամարդ այս ցոյցին ընթացքին ուշագրաւ էր արուեստագէտներու մասնակցութիւնը:

dt3_8-23-15dt4_8-23-15Իբրեւ «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին զօրակցութեան աքթ կարգ մը երիտասարդներ երէկ կէսօրէ ետք փակեցին Տահր Պայտարի միջազգային ճամբան, իսկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Շթորայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ այլ նստացոյց մը` առ ի զօրակցութիւն Ռիատ Սոլհի վրայ գտնուող ցուցարարներուն:

Քաայի բնակիչները հրկիզուող անիւներով փակեցին միջազգային ճամբան:

Միւս կողմէ, լիբանանցի քաղաքացի Ապտել Ռահման Ժուէյտի ինքզինք հրկիզեց Սայտայի սերային դիմաց: Ներքին ապահովութեան ուժերը փութացին մարելու կրակը եւ զայն փոխադրեցին հիւանդանոց:

Հերմելի սերային դիմաց, Թրիփոլիի Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակին վրայ եւ Նապաթիէի մէջ երեկոյեան ժամը 6:00-ին գործադրուեցան բողոքի ցոյցեր` զօրակցելու համար Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ տեղի ունեցող կեդրոնական ցոյցին:

Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ընթացող ցոյցին ընթացքին «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին անդամները ներքին ապահովութեան ուժերուն նուիրեցին սպիտակ վարդեր` հաստատելու համար իրենց շարժումին խաղաղ բնոյթը: Անոնք ընդգծեցին նաեւ, որ վարչապետարանին դիմաց զետեղուած փշաթելերը քանդելու փորձերը իրենց կողմէ չի կատարուիր, այլ սադրիչներու, որոնք ներքին ապահովութեան ուժերուն վրայ նաեւ ձայնային ռումբեր նետած են եւ կարգ մը քաղաքացիներու ինքնաշարժներ քանդած:

«Հոտերնիդ ելաւ» կարգախօսին ներքեւ, կիրակի երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութը թնդաց աւելի քան 20 հազար քաղաքացիներու ցոյցով, որուն ընթացքին բարձրացաւ լիբանանեան դրօշը եւ հնչեց Լիբանանի քայլերգը: Քաղաքացին իր բողոքը արտայայտեց երկրին իշխանութիւններուն դէմ եւ վերահաստատեց իր պահանջները:

dt5._8-23-15dt6_8-23-15Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակները, Մոհամետ Ամին մզկիթին շրջակայքը եւ Կեդրոնական Պէյրութի փողոցները լեցուեցան ցուցարար քաղաքացիներով, որոնք բարձրացուցին միայն Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին դրօշները:

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը հաստատեց, որ կը մերժէ վարչապետ Սալամի հետ բանակցիլ: Արշաւին անդամները կոչ ուղղեցին պատասխանատուութեան կանչելու ցուցարարներուն դէմ բրտութիւններ գործադրողները եւ աղբերու հարցը լուծելու թղթածրարը վստահելու քաղաքապետարաններուն:

Անոնք ընդգծեցին, որ բողոքի ցոյցը պիտի շարունակուի նաեւ այսօր, եւ կոչ ուղղեցին արտերկրի լիբանանցիներուն բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատուներուն դիմաց:

Կեդրոնական ցոյցէն մէկուկէս ժամ ետք, ցուցարարները փորձեցին վարչապետարանին դիմաց զետեղուած փշաթելերը խախտել: Ի պատասխան այս քայլին, ապահովութեան ուժերը ջրցան մեքենաներով փորձեցին ցրուել զանոնք:

Ներքին ապահովութեան ուժերը քարկոծեցին ցուցարարները եւ արցունքաբեր կազեր նետեցին անոնց ուղղութեամբ:

Ցուցարարներուն շարքերուն մէջ արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Աւելի ուշ Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ցուցարարներուն միջեւ գտնուող սադրիչներ ապահովութեան ուժերը թիրախ դարձուցած են «Մոլոթով» տիպի ռումբերու:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին բախումները վերսկսան ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:

Ցուցարարները հրկիզեցին ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ անդամին մոթորսիքլեթը:

Սադրիչներուն արարքներուն պատճառով, «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն ցոյցը փոխադրելու Նահատակաց հրապարակ, իսկ աւելի ուշ արշաւը ցոյցին աւարտը յայտարարեց եւ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն Ռիատ Սոլհ հրապարակ վերադառնալու այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Ապահովութեան ուժերուն եւ սադրիչներուն միջեւ բախումները իրենց գագաթնակէտին հասան երեկոյեան ժամը 9:00-էն ետք: Բախումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուեցան տասնեակ վիրաւորներ, որոնց կարգին` նաեւ ծանրօրէն վիրաւորուածներ:

Սադրիչներուն արարքները տեւեցին մինչեւ ուշ գիշեր եւ վերածուեցան խուլիկանութեան:

Սալամ. «Եթէ Հինգշաբթի Օրուան Նիստը Արդիւնաւէտ Չըլլայ,
Ապա Կառավարութեան Կարիքը Չկայ»

salam_pc_8-23-15

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ընդգծեց, որ ցուցարարներուն դէմ բռնութիւն գործող կողմերը պատասխանատուութեան պիտի կանչուին` աւելցնելով, որ ինք ոչ ոք պիտի հովանաւորէ:

Ան նշեց, որ ցոյց կատարելը սահմանադրութեամբ տրուած իրաւունք է եւ ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնն է հսկել ցոյցին եւ ցուցարարներուն ապահովութեան:

Ան զօրակցութիւն յայտնեց քաղաքացիներուն, որոնք իրաւունք ունին ե՛ւ կառավարութիւնը, ե՛ւ օրէնսդիր իշխանութիւնը հաշուետուութեան կանչելու:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ ինք կառավարութիւնը հրաւիրած է նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 27 օգոստոսին: «Քաղաքական ուժերուն պատասխանատուները թող լաւ իմանան, որ քաղաքական տարակարծութիւնները ոչ մէկ արդիւնքի կրնան հասցնել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք պատրաստակամ է լիբանանցիներուն բոլոր պահանջները լսելու:

«Մենք հինգշաբթի օր կառավարութեան արդիւնաւէտ նիստի մը դիմաց կը գտնուինք, եթէ հինգշաբթի օրուան նիստը արդիւնաւէտ չըլլայ, ապա կառավարութեան կարիքը չկայ», շեշտեց ան:

Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Կը Հակազդեն

Շաբաթավերջին քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններ լրատուամիջոցներուն հետ կապ հաստատելով արտայայտեցին իրենց կեցուածքները: Անոնց կարգին էին.

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն դատապարտեց քաղաքացիներուն դէմ բիրտ վերաբերումը եւ պահանջեց անմիջապէս ճշդել պատասխանատուները եւ զանոնք հաշուետուութեան կանչել:

Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի հաստատեց վարչապետ Սալամի եւ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու իմաստով իր կատարեալ զօրակցութիւնը:

Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան տապալումը Լիբանանը կ՛առաջնորդէ դէպի անորոշութիւն` նկատի ունենալով, որ անիկա երկրին սահմանադրական վերջին ամրոցն է եւ անոր պարտականութիւնն է ամրապնդել երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ վերջ տալ նախագահական թափուր աթոռի դրութեան:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ նոր սերունդին դէմ բռնութիւն գործադրելը եւ զանոնք կրակոցի թիրախ դարձնելը ամօթ է:

Ան մերժեց ներքին գործոց նախարարին տուած բացատրութիւնը` շեշտելով, որ քաղաքացիները իրաւունք ունին իրենց կեցուածքը արտայայտելու:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ զգուշացուց Ռիատ Սոլհ հրապարակի շարժումին չարաշահումէն` ընդգծելով, որ նման որեւէ քայլ կրնայ վնաս պատճառել լիբանանեան ապակայանութեան:

Ան կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Թամմամ Սալամին` բարձր գնահատելով անոր իմաստուն կեցուածքները, համբերութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին իր կատարել զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանցիներուն` հարց տալով, որ արդեօք ընդվզումն ու պոռթկումը հարցերը լուծելու ճիշդ ձեւե՞րն են:

Ժահժահ չհրաժարելու կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքացիները շարունակեն իրենց նստացոյցը, մինչեւ որ երեսփոխանները ուղղուին խորհրդարան եւ նախագահական ընտրութիւն կատարեն:

Ժահժահ նշեց, որ կառավարութեան հրաժարականը կը նշանակէ երկիրը աւելի վատ կացութեան ենթարկել, «իսկ մեր պարտականութիւնն է պահպանել հանրապետութիւնը: Չենք կրնար արտօնել, որ ան տապալի», աւելցուց ան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ խստիւ մերժեց Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ ցուցարարներուն դէմ գործուած բռնութիւնները, «որոնք եթէ շարունակուին, մեր դիմաց բոլոր ընտրանքները բաց պիտի ըլլան», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը եւ յատկապէս ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք պէտք չէ նման բիրտ վարուելակերպ ցուցաբերեն ցուցարարներուն դէմ, իսկ վարչապետը պէտք է իւրաքանչիւրը պատասխանատուութեան կանչէ:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ կոչ ուղղեց հաշուետուութեան կանչելու ցուցարարներուն դէմ բռնութիւն գործողները:

Ան շեշտեց, որ Պէյրութի մէջ կատարուածը խիստ մերժելի է եւ բարի աւարտ չի կրնար ունենալ:

«Մենք կառավարութեան մաս չենք կազմած, որպէսզի ժողովուրդին վրայ ճնշում բանեցնենք: Մենք կը մերժենք Կեդրոնական Պէյրութի մէջ պատահածը, իսկ այս գիշեր Լիբանանի պատմութեան մէջ սեւ գիշեր մըն է», ըսաւ ան:

Ապու Սաապ աւելցուց, որ եթէ կառավարութենէն հրաժարելուն մէջ շահ մը ըլլար, արդէն իսկ կը հրաժարէինք:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտարարեց, որ ինք պոյքոթի կ՛ենթարկէ խորհրդարանի նիստերուն իր մասնակցութիւնը, մինչեւ որ Ռիատ Սոլհի դէպքերուն պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկուին:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պետութիւն է այն, որ իր քաղաքացիներուն դէմ փամփուշտ կ՛արձակէ, երբ անոնք բողոքեն: «Քաղաքական աղբերը մեզի բաւարար չե՞ն, իսկ ո՞վ պիտի ստանձնէ բիրտ ուժի բանեցման պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց ցուցարարներու բանակցելու վարչապետին ներկայացուցիչին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցերուն խաղաղ լուծում ապահովել:

Ան խստիւ մերժեց ցուցարարներուն խոշտանգումը` ընդգծելով, որ քաղաքացիներուն դէմ անկարելի է ուժ բանեցնել:

Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ յայտնեց, որ աղբի հարցի ստանձնումի առաջարկներու յայտարարութիւնը յառաջաձգուած է եւ երեքշաբթի, 25 օգոստոս 2015-ի փոխարէն պիտի յայտարարուի այսօր` երկուշաբթի, 24 օգոստոսի յետմիջօրէին:

Նշենք, որ Մաշնուքի նախագահութեամբ կազմուած էր յատուկ յանձնախումբ մը, որ աղբերու հարցին լուծման նպատակով նուազուրդի առաջարկներ քննարկած էր:

 

 

Նախորդը

Փենթակոն.«Թրքական Ինճիրլիք Զօրակայանը ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Գործողութեանց Համար Կարեւոր Է Եւ Հոյակապ Դիրք Ունի»

Յաջորդը

Իրաքի Քերքուք Քաղաքին Մէջ Հայկական Եկեղեցի Բացուած Է

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?