«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» եւ «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւները երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին կատարեցին քայլարշաւ մը, որ սկիզբ առաւ Արդարութեան պալատէն եւ հասաւ մինչեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ:
Լուռ քայլարշաւին մասնակցեցան հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնք երէկ գիշեր դարձեալ ողողեցին Ռիատ Սոլհ հրապարակը եւ պահանջեցին Լիբանանի իշխող վարչակազմին տապալումն ու ներքին գործոց նախարարին հրաժարականը:
Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ երէկ կէսօրին հսկայ քարեր զետեղուեցան Ռիատ Սոլհէն դէպի վարչապետարան տանող ճամբուն վրայ, ցուցարարներուն դիմաց հիւսելով բարձր պատ մը:
Այդ պատին դրութիւնը ընդվզեցուց լիբանանցի երիտասարդները, որոնք իրենց ներկերով եւ գրիչներով տեղւոյն վրայ զարդարեցին զայն օրուան յարմար կարգախօսներով:
Լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց Պէյրութի բոլոր մուտքերուն վրայ, իսկ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հաստատեց, որ բանակը սադրիչներուն դէմ խիստ վերաբերմունք պիտի ցուցաբերէ` աւելցնելով, որ բանակը պատրաստ է պահպանելու երկրին եւ անոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 10:30-ին ներքին ապահովութեան ուժերը քարկոծումի թիրախ դարձան ցուցարարներուն միջեւ գտնուող սադրիչներուն կողմէ:
Միւս կողմէ, նախանցեալ երեկոյեան գլուխէն ծանր վէրք ստացած ուսանող Մոհամետ Քասիրի մասին լուրերը երէկ տարուբերեցան անոր մահուան եւ կենդանութեան միջեւ, երբեմն նաեւ անոր անունին վերաբերելով իբրեւ Ռիտա Թալեպ:
Երեկոյեան հաղորդուած լուրերուն համաձայն, ի յայտ եկաւ, որ այդ երիտասարդը Մոհամետ Քասիրն է եւ ոչ թէ Ռիտա Թալեպը: Ան նախանցեալ երեկոյեան ծանրօրէն վիրաւորուած էր, երբ արցունքաբեր կազի յատուկ ռումբ մը պայթած էր անոր գլուխին վրայ:
Ներքին ապահովութեան ուժերը հերքեցին Քասիրի մահուան լուրերը` դիտել տալով, որ ան կը գտնուի «Էյ. Եու. Էյչ.» հիւանդանոցին մէջ, վիրահատումի ենթարկուած է եւ անոր առողջական կացութիւնը կայուն է:
Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ յետմիջօրէին յայտարարեց աղբերու դասաւորումը ստանձնող ընկերութիւններուն նուազուրդի արդիւնքը, որուն հիման վրայ «Ժիհատ Արապ» ընկերութիւնը պիտի ստանձնէ Պեքաայի շրջանի աղբերը, «Ժունուպ լիլիհմար» ընկերութեան սեփականատէր Ռիատ Ասաատ պիտի ստանձնէ Շուֆի, Պաապտայի եւ Ալէյի աղբերը, «Ուարտ» ընկերութեան սեփականատէր Շերիֆ Ուեհպէ` հարաւային Լիբանանի աղբերը, «Սէյֆքօ Ինտեւքօ» ընկերութիւնը Մեթնի, Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի աղբերը, «Լաւաճեթ» ընկերութիւնը Պէյրութի աղբերը, իսկ «Պաթքօ» ընկերութիւնը` հիւսիսային Լիբանանի աղբերը:
Մաշնուք յայտնեց, որ նուազուրդը կատարուած է կատարեալ թափանցիկութեամբ:
Ան նշեց, որ եթէ Նաամէի բնակիչները արտօնեն, որ այդ աղբանոցը բացուի եւ յաջորդող վեց ամիսներուն ընթացքին գործէ, ապա լիբանանցիները շնորհակալ պիտի ըլլան, այլապէս պէտք է այլ աղբանոցներ ստեղծել, որոնք պիտի փոխարինեն երկրին տարածքին գտնուող 760 աղբակոյտերը:
«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն շաբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին մասնակցելու նուազուրդին արդիւնքները մերժելու ցոյցի մը, որուն վայրը աւելի ուշ պիտի յայտարարուի:
Արշաւին պատասխանատուները հաստատեցին, որ իրենց շարժումը զուտ ազգային բնոյթի է եւ ոչ թէ կուսակցական կամ համայնքային գունաւորում ունի:
Արշաւը մերժեց նուազուրդին արդիւնքները` զանոնք նկատելով իշխանութեան կողմէ աւազակութիւն:
«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին պատասխանատուները պահանջեցին յարգել քաղաքացիին ցոյց կատարելու ազատութիւնը եւ թափանցիկ դատավարութիւն պահանջեցին ցուցարարներուն դէմ բիրտ ուժ բանեցուցած ոստիկաններուն եւ ապահովութեան ուժերուն:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ գիշեր պահանջեց վերատեսութեան ենթարկել աղբերու մաքրութիւնը ստանձնելու ընկերութիւններուն համար կազմակերպուած նուազուրդը` նկատի ունենալով առաջարկուած բարձր սակերը: Ան նշեց, որ այդ սակերը չփոխուելու պարագային պէտք է նուազուրդը ամբողջութեամբ ջնջել:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ ինք չի կրնար մեղսակցիլ այդ նուազուրդին արդիւնքներուն, որոնց հիման վրայ մսխումն ու փտածութիւնը աւելի եւս պիտի ամրապնդուին:
Նշենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին աղբերուն հարցը լուծելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ յստակ որոշումներ պիտի տրուին այդ առումով կատարուած նուազուրդին մասին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որ նախագահելէ ետք ապահովական նիստի մը, ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութ` ստուգելու համար նախորդ երկու օրուան ընթացքին արձանագրուած դէպքերն ու կիրակի գիշեր սադրիչներուն խուլիկանութիւններուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած նիւթական վնասները:
Սալամի հետ հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ վարչապետին ներկայացուցած է ներքին ապահովութեան ուժերուն վարուելակերպին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Ան ընդգծեց ցոյց կատարելու քաղաքացիին իրաւունքը, առանց սակայն վնաս հասցնելու պետական կառոյցներուն` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ երեսփոխանական ընտրութիւն պիտի չկատարուի:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որ յայտնեց, թէ ինք նեղացած է Պէյրութի մէջ իր վկայած խուլիկանութիւններէն եւ կոչ ուղղեց այդ մասին թափանցիկ հետաքննութիւն բանալու:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը վարչապետ Սալամի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ երկրին հարցերը լուծելու գլխաւոր մուտքը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է:
Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց, որ սադրիչներ իրենց արարքներով իրաւացի պահանջներ ներկայացնող ցոյցը շեղած են իր իսկական նպատակներէն:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Թամմամ Սալամի:
Վստահելի աղբիւրներու համաձայն, Լիբանանի մէջ մեծ պետութիւններու դեսպանները երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարած են վարչապետ Սալամի հետ եւ զայն յորդորած` պահպանելու կառավարութիւնը, այլ խօսքով` չհրաժարելու իր պաշտօնէն:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ քուէյթեան դեսպանատունը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն մեկնելու Լիբանանէն, ինչպէս նաեւ Լիբանան այցելութեան մասին չմտածելու` նկատի ունենալով արձանագրուող ապահովական իրադարձութիւնները:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութեան ծրագիրներ չմշակելու, ինչպէս նաեւ Լիբանան գտնուող իր քաղաքացիներէն պահանջեց լքել երկիրը` նկատի ունենալով արձանագրուող ապահովական իրադարձութիւնները:
Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակի յաւելեալ բարդացումի հաւանականութենէն: